2014-01-25 13:23:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 25 յունուարի գործունէութիւնը։


Շաբաթ, 25 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Կարտինալ Մարք Ուելլէն, եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը, ապա Հայր Խօսէ Կապրիէլ Ֆունէսը` Վատիկանի աստղադիտարանի տնօրէնը եւ Հայր Ժոզէֆ Մարիան Մայ` աստղադիտարանի մատակարարութեան փոխ տնօրէն։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ընդունեց` Տիար Պրայ Պարնէն, կաթողիկէ սկաուտական շարժումի միջազգային համաժողովի նախագահը ու անոր ընկերացող` Տիար Ռոպէրթօ Քիչանչիք ու Հայր Ժաք Կակէյ։
Ժամը 12.15 անց, Նորին Սրբութիւնը, Քլեմենթինա Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց` Իտալական իգական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ազգային համագումարի 300 մասնակիցներուն։
Իսկ յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւն, եզրափակելով Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։

Իտալական իգական կեդրոնի ազգային համագումարի մասնակիցներուն ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց կեդրոնի տածած` 70 ամեայ աշխատանքին, մարդկային զարգացումի եւ կազկաւորումի ասպարեզներուն մէջ ինչպէս նաեւ անոնց Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ, կնոջ դերակատարութեան մասին տուած վկայութեան։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հուսկ ակնարկեց ընկերային եւ մշակութային յեղաշրջումներուն որոնք կը հային նաեւ կնոջ դերին եւ իքնութեան` ընտանիքի, ընկերութեան եւ Եկեղեցւոյ մէջ ու ապա մատնանշեց Քահանայապետներու կնոջ մասին հրատարակած շրջաբերական նամակներուն եւ յորդորագիրներուն` շեշտը դնելով քրիստոնեայ կիներու պատասխանատութեան` հովուական մարզէն ներս, ու անոնց պարտականութեան նոր սերունդներու փոխանցելու` բարոյական արժէքներն ու հաւատքը։
Քրիստոնեայ կինը – յարեց Սրբազան Հայրը – Տիրոջ կոչին կը համապատասխանէ Աստուծոյ հետ յարատեւ երկխօսութեան մէջ մնալով` աղօթքով – ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները նմանելու ''Մարիամին որ մայրական ներկայութեամբ խնամք տարաւ Միածին Որդիին, անոր մօտ մնալով նոյնիսկ գողգոքթայի վրայ։ Թող Ան – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – ձեզի ցոյց տայ ճանապարհը, որպէսզի աւելի խոր կերպով ըմբռնէք կնոջ դերը ընկերութեան մէջ եւ ըլլաք միշտ հաւատարիմ Յիսուս Քրիստոսի ու աշխարհի մէջ ունեցած ձեր առաքելութեան։









All the contents on this site are copyrighted ©.