2014-01-25 10:44:57

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքայի մէջ կ՛եզրափակէ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։


Շաբաթ 25 յունուարին, Պօղոս Առաքեալի դարձին տօնին առթիւ, յետ միջօրէի ժամը 17,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի (պարիսպէն դուրս) անուան պազիլիքայի մէջ, կը նախագահէ` Քրիստոնեաներու Միութեան շաբթուայ եզրափակիչ` երեկոյան ժամասացութիւնը, որուն կը մասնակցին քրիստոնեայ եւ այլ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, մատնանշելու քրիտոնեաներու ձգտումը՝ համամիութեան։Արարողութեան կը մասնակցին նաեւ Զուիցերիոյ` Պօսսէյ համամիութենական հաստատութեան 31 աշակերտներ, որոնք այս օրերուն կը գտնուին Հռոմ եւ որ շաբաթ 25 յունաուրի առաւօտեան այցելեցին Ռատիովատիկանը։
Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանէն ինքնաշարժով կը մեկնի ժամը 17-ին եւ Սուրբ Պօղոսի պազիլիքայ կը ժամանէ 17,30 անց։ Ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին Քահանայապետը խօսք պիտի ուղղէ ներկաներուն ու ապա րարաողութեան աւարտին կը վերադառնայ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.