2014-01-25 09:36:00

Մինսկի խումբի նախագահները զինադադարը յարգելու կոչ կ՛ընեն


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու՝ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ հերթական հանդիպումը տեղի ունեցած է Ուրբաթ, Յունուար 24ին, Փարիզի մէջ: Նախարարները խորհրդակցութիւն ունեցած են անջատաբար եւ ապա՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Ժագ Ֆորի (Ֆրանսա) եւ Ճէյմզ Ուորլիքի (ԱՄՆ) մասնակցութեամբ: Խորհրդակցութիւններուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Նախարարներն ու համանախագահները քննարկած են խաղաղ բանակցութիւնները առաջ մղելու հարցը՝ հիմնուելով Վիեննայի մէջ անցեալ տարուան Նոյեմբեր 19ի գագաթնաժողովին վրայ: Նախարարները վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակել աշխատանքը հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ՝ բանակցութիւններու միջոցով:
Դեսպան Քասփըրչիք համանախագահներուն տեղեկացուցած է սահմանին վրայ վերջին իրադարձութիւններուն մասին: Համանախագահները խոր մտահոգութիւն յայտնած են տարածաշրջանին մէջ բռնութիւններու շարունակման կապակցութեամբ՝ ընդգծելով, որ վերջին միջադէպերը կը խափանեն բանակցութիւնները եւ կը նուազեցնեն խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները: Անոնք կողմերուն կոչ ըրած են լիովին պահպանելու զինադադարի պայմանները:
Համանախագահները կը ծրագրեն յառաջիկայ շաբաթներուն այցելել տարածաշրջան, նախագահներուն հետ բանակցութիւնները շարունակելու համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.