2014-01-25 12:22:43

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի պատգամը Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ` ''կարելի չէ բաժնել Քրիստոսը'' բնաբանով։


Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահութիւնը, համախմուած Իտալիոյ Ճենովա քաղաքին մէջ, հաւատացեալներէն կը խնդրէ որ քրիստոնէական վկայութիւն տան ընկերութեան զանազան խաւերուն ու Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթուան առթիւ կը խնդրէ վստահութեամբ դիմել Տիրոջ որպէսզի միատեղ ժողովէ իր հօտը։ Իր ուղղած պատգամին մէջ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահութիւնը կը գրէ որ կարելի չէ շահագործել Քրիստոսի անունը արդարացնելու մեր անհասկացողութիւններն ու բաժանումները։ Կարելի չէ տէր դառնալ ու իւրացնել Քրիստոսը սեփական շահերու համար, ընդհակառակը եկեղեցիները կանչուած են Քրիստոսը ուրիշներուն ճանչցնելու ու տալու։ Եւրոպան միշտ աւելի բազմադաւանական կը դառնայ, ասիկա պատճառ մըն է մեր քրիստոնէական վկայութիւնը տալու բազմազգային հասարակութեան, որպէսզի ճանչնայ Աստուծոյ սէրը ու հոգատարութիւնը ժամանակակից մարդուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.