2014-01-25 09:45:43

Աւստրիոյ եպիսկոպոսները իրենց հնգամեայ այցը կը կատարեն Հռոմի Քահայանայապետին, 27-30 յունուար 2014։


Յառաջիկայ 27-30 յունուար 2014, Աւստրիոյ եպիսկոպոսները իրենց հնգամեայ այցը կը կատարեն Հռոմի Քահայանայապետին` Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Նշենք որ աշխարհի կաթողիկէ եպիսկոպոսները, պարտականութիւն ունին հինգ տարին անգամ մը, հանդիպում ունենալու Հռոմի Քահանայապետին եւ անոր անմիջական գործակիցներուն հետ։ Նախապէս եպիսկոպոսները Ս. Աթոռին տեղեկութիւններ կ'ուղարկեն իրենց թեմերու իրավիճակին մասին։
Աւստրիոյ եպիսկոպոսներուն վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 2009ին, որուն ընթացքին վերակոչուեցաւ Աւստրիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ապրած հաւատքի տագնապը եւ կարգ մը յառաջադէմ քահանաներու ըմբոստ կեցուածքը հանդէպ նուիրապետութեան։
Նշենք նաեւ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, վերջերս, Վիեննայի առաջնորդը` կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպորնը նշանակեց որպէս անդամ Վատիկանի դրամատան յանձնախումբին։








All the contents on this site are copyrighted ©.