«Ֆրիտըմ Հաուս» Արցախը կը նկատէ «մասամբ ազատ» երկիր։
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ,
Յունուար 24ին կը տեղեկացնէ, թէ «Ֆրիտըմ Հաուս» ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը, որ
կը զբաղի աշխարհի տարածքին քաղաքական եւ քաղաքացիական ազատութիւններու ուսումնասիրութեամբ,
Յունուար 23ին հրապարակած է իր տարեկան զեկոյցը, ըստ որուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը,
ինչպէս եւ նախորդ տարի, երկու ցուցանիշներով ալ արժանացած է «5» նիշի եւ կրկին դասուած
է «մասամբ ազատ» երկիրներու շարքին: Միաժամանակ, Ատրպէյճան մնացած է «ոչ ազատ» երկիրներու
ցանկին վրայ, եւ զեկոյցին մէջ նշուած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական ազատութեանց վատթարացման
մասին: Կազմակերպութիւնը երկիրներու իշխանութիւններուն գործունէութիւնը կը գնահատէ
երկու չափանիշներով՝ քաղաքական եւ քաղաքացիական ազատութիւններով: Այս ցուցանիշներէն իւրաքանչիւրը
կը գնահատուի 1էն (առաւելագոյն) 7 (նուազագոյն) նիշով: Ամբողջական զեկոյցին կարելի
է ծանօթանալ՝ այցելելով http://freedomhouse.org/sites/default/files/FIW2014%20Booklet.pdf
կայքէջը