2014-01-24 13:17:05

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Առաքելական Ատեանի պաշտօնեաներուն։


Ուրբաթ, 24 յունուար 2014-ի առաւօտեան, Նորին Սրբութիւնը իր գրասենակի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ` Ֆրանսուա Հոլլանտը ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Անա ապա ընդունեց Կարտինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրը` Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը, հուսկ գերապայծառ Փիօ Վիթօ Փինթօ` Առաքելական ատեանի աւագերէցը ու քահանայապետական ատեանի բարձրագոյն մարմնի անդամները։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ժամը 12-ին, Քլեմենդինա Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Առաքելական ատեանի պաշտօնեաներուն, դատական տարուայ բացման առիթով։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց թէ այս հանդիպումը` իր Քահանայապետութեան շրջանի առաջինը կը հանդիսանայ եւ առիթէն օգտուելով բոլորին յայտնեց իր սրտի խորին շնորհակալութիւնները, Եկեղեցական սպասարկութեան թանկագին ծառայութեան համար, յանուն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յայնտեց թէ հովուական ծաւալը եւ իրաւական ծաւալը իրարու չեն հակասեր որովհետեւ երկուքն ալ կը ձգտին իրականացնելու Եկեղեցւոյ նպատակակէտները։
Եկեղեցական իրաւական գործունէութիւնը, որպէս ծառայութիւն ի սպաս արդարութեան ճշմարտութեան, ունի նաեւ հովուական խոր իմաստ մը, որովհետեւ կը ձգտի հաւատացեալներու բարիքին եւ քրիստոնեայ հասարակութեան կառուցումին, ըսաւ Քահանայապետը ու ապա խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցական Դատաւորի յատկանիշերու վրայ մատնանշելով ''մարդկային, իրաւաբանական եւ հովուական'' յատկանիշերուն։
Դատաւորէն խնդրուած է մարդկային հասունութիւն որ կը յայտնուի անոր տուած դատումի մէջ որ ըլլալու է անկախ անձնական համոզումներէն։ Երկրորդ` դատաւորը ըլլալու է անկողմնակալ եւ ունենալու է առարկայական դատում, պաշտպանելու համար ճշմարտութիւնը եւ յարգելու օրէնքը։ Իսկ երրորդ` դատաւորէն կը խնդրուի ոչ միայն ապացուցուած փորձառութիւն այլ նաեւ ծառայութեան հոգի, որովհետեւ Ան կը ծառայէ արդարութեան եւ տոգորուած է հովուական սիրով, այն Սէրը որ Աստուած սահմանեց մեր սրտերուն, Սուրբ Հոգիի միջոցաւ – ըսաւ Քահանայապետը ու ճառը եզրափակեց ըսելով` , ''ձեր առաքելութիւնը որոշակի ծառայութիւն մըն է` Սէր Աստուծոյ, որ մօտ է ամէն մէկ արարածի։ Դուք ամենէն առաջ հովիւներ էք եւ որեւէ մէկ դատի ետին կան անձեր որ արդարութիւն կ՛ակնկալեն։
Սիրելի եղբայրներ կը քաջալերեմ ձեզ շարունակելու ձեր գործունէութիւնը խոնարհութեամբ։ Աղօթեցէք ինծի համար։ Տէրը օրհնէ ձեզ եւ Տիարամայրը ըլլայ ապաւէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.