Ռուհանի. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երեսուն Տարուան Թշնամութիւնը Պէտք Է Ընկերութեան
Վերածել»
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Տաւոսի մէջ միջազգային տնտեսական համախմբման ընթացքին իր
արտասանած խօսքին ժամանակ յայտնեց, որ «չկայ երկիր մը, որ առանձին կրնայ ապրիլ»` նշելով,
որ «ժողովուրդներուն ծառայող քաղաքականութիւններն են, որոնք յաւիտեանս պիտի մնան»: Ան
ըսաւ, որ «աշխարհի մէջ տնտեսական քաղաքականութիւնները պէտք է ընկերային արդարութեան վրայ
հիմնուած ըլլան»: Ռուհանի նշեց, որ «արտերկրի հետ Իրանի յարաբերութիւնները բարելաւելու
ժամանակը հասած է»: «Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները նոր հանգրուան
մուտք գործած են», ըսաւ Ռուհանի` աւելցնելով, որ «որեւէ թշնամութիւն կրնայ յաւերժ տեւել,
եւ նոյնպէս` ոչ մէկ ընկերութիւն կրնայ յաւերժ ըլլալ: Ուստի մենք պէտք է թշնամութիւնը
վերածենք ընկերութեան»: Իրանի նախագահը շեշտեց, որ «շրջանին մէջ բռնարարքներու, ահաբեկչութեան
եւ ծայրայեղականութեան բոցերը բոլորին պիտի հասնին»` աւելցնելով, որ «շրջանին մէջ ծայրայեղականութեան
դէմ պայքարը բարգաւաճումով կը սկսի»: Իրանի նախագահը նշեց, որ «խաղաղ հիւլէական ուժանիւթի
մեր իրաւունքէն պիտի չհրաժարինք»: Խօսելով Սուրիոյ տագնապին լուծման մասին` Ռուհանի
ընդգծեց, որ «սուրիական տագնապի լաւագոյն լուծումը ազատ ու ժողովրդավար ընտրութիւններ
կատարելն է»: