2014-01-24 08:56:24

Պսակի վսեմ Խորհուրդը


RealAudioMP3 Մեր Տէրը, պանծացնելու համար սիրոյ եւ կեանքի բնական միութիւնը, որ ամուսնութիւնն է, բարձրացուց զայն գերբնական մակարդակի, հաստատելով Պսակի սուրբ Խորհուրդը: Հարսն ու փեսան կը ներկայանան Քրիստոսի խորանին եւ այն վայրկեանէն, երբ կը փոխանակեն իրենց ամուսնական հաւանութիւնը, կը ստանան վսեմ շնորհք մը, երկնատուր պարգեւ մը, որուն միջոցաւ անոնք պիտի կարողանան ոչ միայն հաւատարիմ մնալ ամուսնութեան պարտականութեանց, այլ նաեւ դիմագրաւել ու յաղթահարել անխուսափելի դժուարութիւնները ամուսնական կեանքի:
Սուրբ պսակի խորհուրդի ժամանակ կ’ընթերցուի Պօղոս առաքեալի` Եփեսացիներուն ուղղուած Թուղթի այն հատուածը, ուր առաքեալը կը յորդորէ կանանց ամէն բանի մէջ հնազանդ ըլլան իրենց ամուսիններուն, ինչպէս կը հնազանդին Տիրոջ, որովհետեւ, կ’ըսէ առաքեալը, այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ Եկեղեցիին գլուխն է: Այնուհետեւ, ի պատասխան պսակադիր քահանայի հարցումին, փեսան, երեք անգամ հաստատելով, կ’ուխտէ ցմահ տէր ըլլալ հարսին: Նոյնը հարսը` ուխտելով ցմահ հնազանդ ըլլալ իր ամուսնուն:
Որքան անհրաժեշտ են խորհրդաւոր այն խօսքերը, զորս քահանան պէտք է յիշեցնէ պսակեալ զոյգին, կեանքի իրական պատկերի մասին: Քահանան պէտք է յորդորէ ըսելով. «այսօրուընէ դուք` երկուքդ, նոր կեանք կը սկսիք, Աստուծոյ օրհնութեամբ միացած, մէկ դարձած` ընտանիք կը կազմէք եւ, ուրեմն, իմացէ՛ք, որ կեանքը միայն այս ժպիտները, երգն ու ցնծութիւնը չէ, այլ կեանքին մէջ կան նաեւ բազմատեսակ նեղութիւններ: Թող Աստուած ձեզ զերծ պահէ բոլոր դժուարութիւններէն: Բայց Աստուծոյ կամքը եւ հրամանն է, որ պատրաստ ըլլաք դիմագրաւելու ցանկացած փորձութեան եւ երկուքով մինչեւ ձեր մահուան օրը սիրէք ու նեցուկ կանգնիք միմիանց, ինչպիսի նեղութեան մէջ ալ որ յայտնուիք»: Քահանայի այս խրատին սովորաբար կը հետեւի Աստուծոյ կարեւոր հրամանի յիշեցումը. Մինչեւ մահ սուրբ պահել ամուսնական առագաստը: Որովհետեւ անհաւատարմութիւնը Աստուծոյ հրամանի խախտումն է, իսկ Աստուծոյ հրամանը խախտողներն ու արհամարհողները նաեւ Աստուծոյ պատժին պիտի արժանանան: Վա՛յ անոնց, որոնք կը յայտնուին կենդանի Աստուծոյ ձեռքը` դատաստանի համար:
Աստուծոյ կարեւոր հրամանէն ետք, քահանան` զոյգէն կը պահանջէ դաւանութեան խոստումը` երեք անգամ տալով նոյն հարցը` «Տէ՞ր ես, եւ հնազա՞նդ ես մինչեւ մահ»: Երեք անգամ նոյնը հարցնելը շատ կարեւոր խորհուրդ ունի. նախ` երեքը կը խորհրդանշէ Երրորդութեան, միւս կողմէ` չափազանց կարեւոր է, որ մարդը երեք անգամ դաւանի, որպէսզի, եթէ որեւէ կասկած ունի, մէջտեղ գայ եւ չմօտենայ այդ Սուրբ Խորհուրդին:
Ինչ որ կը վերաբերի «Տէր» եւ «Հնազանդ» բառերուն , անոնք խորիմաստ բովանդակութիւն ունին: «Տէր» ըսելով` նկատի չ՛ունինք բռնակալութիւնը, եւ «Հնազանդ» բառին մէջ չենք տեսներ ստրուկի գաղափարը: «Տէր» կը նշանակէ պաշտպան, ապաւէն, խնամող, տիրութիւն ընող եւ ոչ երբեք` բռնակալ, իշխող: Քրիստոս Վերնատան մէջ Իր աշակերտներու ոտքերը լուաց. այսպիսի՛ տէր պէտք է ըլլալ: Մարդկանց ցաւերը Իր վրայ վերցուց, բուժեց, խնամեց…: Աստուած դերերու բաժանումը կատարած է սիրոյ սկզբունքով. Տէ՞ր ես` ուրեմն խնամակալ ու պահապան ես եւ ոչ երբեք` բռնակալ, հնազա՞նդ ես` սիրով դրդուած հնազանդ ես, եւ ոչ թէ պարտադրուած:








All the contents on this site are copyrighted ©.