2014-01-24 12:43:44

''Որիշներուն հետ կառուցենք ոչ թէ ատելութեան պատնէշներ՝ այլ երկխօսութեան կամուրջներ''` ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր 24 յունուարի քարոզին մէջ։


Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ 24 յունուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր քարոզը կեդրոնացուց ՝ ուրիշին հետ ''երկխօսութիւն հաստատելու'' նիւթին վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''երկխօսութեան համար անհրաժեշտ է հեզութիւնը, առանց աղաղակի։ Անհրաժեշտ է նաեւ, մտածել, թէ ուրիշը ինծմէ աւելի բան մը ունի – ըսաւ Ան - օրինակ բերելով Սուրբ Գիրքէն՝ Դաւիթ մարգարէի խօսքերը '' Ան օծուած է Տիրոջմէ, ինծմէ աւելի կարեւոր է''։
Սրբազան Հայրը անդրադառնալով ապա հեզութեան աւելցուց. ''խոնարհիլ կը նշանակէ կամուրջ ըլլալ։ Քրիստոնեայ ըլլալ այս կը նշանակէ։ Գիտեմ, թէ դիւրին չէ - ըսաւ Քահանայապետը – սակայն, Յիսուս այսպէս ըրաւ՝ խոնարհեցաւ մինչեւ վերջ եւ ցոյց տուաւ մեզի ճանապարհը։ Երբ որ հարց մը ծագի - շարունակեց Նորին Սրբութիւնը- , պէտք չէ շատ ժամանակ անցնենք հարցի լուծման համար։ Փոթորիկէն վերջ , պէտք է դիմենք երկխօսութեան, որովհետեւ ժամանակը պատնէշներ կը կառուցէ, եւ երբ անոնք աճին՝ շատ դժուար պիտի ըլլայ հաշտութիւնը։
''Ես կը վախնամ այս պատնէշներէն որոնք օրէ օր կ'աճին եւ ատելութիւն կը յառաջացնեն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրաբակելով ու մատնանշելով ''երիտասարդ Դաւիթին, որ փոխան վրէժին ընտրեց երկխօսութեան ճանապարհը՝ հեզութեամբ եւ անուշութեամբ''։
Այսօր, որ տօնն է Սուրբ Ֆրանիսկոս Սալէսին, քնքուշութեան վարդապետին, խնդրենք
Անորմէ որ ընծայէ մեզի բոլորիս, շնորհքը՝ կամուրջներ հանդինսանալու ուրիշներուն







All the contents on this site are copyrighted ©.