2014-01-24 12:33:44

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը կը վստահեցնէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ իրավիճակը վերահսկելի է


Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ իրավիճակը վերահսկելի է, եւ ժողովուրդին մօտ որեւէ մտահոգութիւն պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ մեր զինուորականները պատշաճ կերպով կը կատարեն իրենց խնդիրը: Այս մասին, ըստ «Արմենփրես»-ի, Հայաստանի կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` ներկայացնելով վերջին օրերուն ազրպէյճանական կողմէն հրադադարի խախտման դէպքերը: «Յունուարի 19-ի լոյս 20-ի գիշերը հակառակորդի ներթափանցման գործողութիւնների անյաջող փորձից յետոյ, երբ հակառակորդն Արմէն Յովհաննիսեանի հմուտ գործողութիւնների շնորհիւ կրեց զոհեր եւ վիրաւորներ, Ազրպէյճանի դիրքերում որոշակի լարուածութիւն կայ` արտայայտուած կրակոցներով եւ որոշակի խուճապահար գործողութիւններով, որովհետեւ մտահոգութիւն կայ, որ մենք պատասխան կը տանք», ըսած է Օհանեան:
Նախարարը միաժամանակ յիշեցուցած է, որ հայկական կողմը անկանոն կրակոցներուն չի պատասխաներ, կը պատասխանէ միայն նպատակային կերպով եւ արձակազէններու կրակոցներուն:
Տաւուշի մարզի Այգեպար, Ներքին Կարմիրաղբիւր, Մովսէս համայնքները 22 յունուարի գիշերը` 20:30-23.00-ի սահմաններուն, եղած են ազրպէյճանական կրակահերթի տակ, որ աննախադէպ էր մեծ ծաւալի առումով: Հրադադարը խախտուած է 300 անգամ, որ կը գերազանցէ նախորդ երկու օրերու խախտումներուն քանակը:







All the contents on this site are copyrighted ©.