2014-01-23 12:56:26

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային 48-րդ օրուան պատգամը` ''հաղորդավարը ըլլայ բարի սամարացիի նման, անոր ուժը մերձեցումն է''։


24 յունուար 2014, տօն ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու պաշտպան սուրբ` ս. ֆրանչիսկոս տէ Սալեսին։ Այս օր կը նշուի ընկերային հաղորդակցութեանց համաշխարհային 48-րդ օրը։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է որուն մէջ կը գրէ`

''Կ'ապրինք աշխարհի մը մէջ ուր հեռաւորութիւնները օրէ օր կը նուազին եւ մարդիկը հեշտութեամբ կարող են իրարզիրար ճանչնալ, իրարու հանդիպիլ եւ իրարմէ կախում ունենալ, շնորհիւ ընկերային հաղորդակցութեանց այլազան միջոցներու համաշխարհականացումին։
Բայց եւ այնպէս մարդկութենէն ներս բաժանումները կը շարունակուին գոյատեւել։ Ընդհանուր գետնի վրայ կը նշմարենք գայթակղեցուցիչ վիհը որ կայ հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ։ Հաղորդակցութեանց միջոցները, այս աշխարհին մէջ, կարող են սատարել մէկը միւսին մօտեցումին ու այնպէս ընել որ ամէնքս` հարուստ թէ աղքատ, զգանք թէ կը պատկանինք մարդկային ազգի մեծ ընտանիքին։
Լաւ հաղորդավարութիւն կատարել կ'օգնէ մարդոց մօտեցումին, լաւ ճանաչումին ու միութեան։ Բաժանումի պատերը կարելի է գերազանցել միմիայն երբ պատրաստ ըլլանք իրարու անսալու ու իրարմէ դաս առնելու։
Հանդիպումի մշակոյթը կ'ենթադրէ պատրաստակամութիւն ոչ միայն տալու այլ եւ ընդունելու։ Քրիստոնայի մը համար մշակոյթի հանդիպումը պէտք է ըլլայ հարազատ։ Աւետարանին մէջ կը կարդանք. ''դպիր մը, այսինքն հաղորդավար մը, կը ներկայանայ Յիսուսին եւ կը հարցնէ` ո՞վ է իմ ընկերս։ Դպիրը պատասխանը կը ստանայ ''Բարի Սամարացի''ի առակին մէջ, որ կարելի է կոչել ''հաղորդավարի առակ''։ Արդարեւ ով որ կը հաղորդէ կը դառնայ ընկեր։ Առակին մէջ բարի սամարացին ոչ միայն ընկեր կը դառնայ այլեւ կը ստանձնէ ընկերոջ օգնութեան հասնելու պատասխանատուութիւնը ։ Հետեւաբար` հաղորդավարութիւն կատարել կը նշանակէ` ըմբռնել մեր մարդկային էութիւնը եւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու գիտակցութիւնը։ Կը սիրեմ հաղորդակցութեան այս ուժը որակել ''մերձեցում''։ Կը գրէ Քահանայապետը ուա ապա կ՛անդրադառնայ թէ ''Երբ հաղորդակցութիւնը ունի որպէս կէտնպատակ` մղել անհատները սպառապաշտութեան կամ խաբէութեան, թը գտնուինք բուռն նախայարձակումի մը դիմաց, նման այն մարդուն կրած յարձակումին, որ զոհ եղաւ աւազակներուն, որոնք կողոպտեցին ու կիսամեռ թողուցին զինք ու հեռացան։ Քահանան եւ ղեւտացին այն մարդուն մէջ չտեսան բարեկամ մը այլ օտար մը որմէ հեռու մնալ։ Այսօր` կարգ մը հաղորդամիջոցներ, մեզ կը պայմանաւորեն մինչեւ այն աստիճան որ կ՛անտեսենք մեր ճշմարիտ մերձաւորը։
Քահանայապետը ապա իր պատգամին մէջ կը մատնանշէ որ բաւարար չէ կապեր հաստատել համացանցի միջոցաւ, հարկաւոր է որ կապին ընկերանայ ճշմարիտ հանդիպում մը։ Կարող չենք առանձին ապրիլ, կղզիացած մնալ։ Հարկաւորութիւնը կը զգանք սիրելու եւ սիրուելու։ Պէտք ունինք գորովի։ Հաղորդակցութեանց մարտահրաւէրները ինքնին բաւարար չեն երաշխաւորելու հաղորդակցութեան գեղեցկութիւնը, բարութիւնը ու ճշմարտութիւնը։ Համացանցը կարող է դառնալ մարդկութեամբ լի` ոչ թէ թելերու այլ մարդկային անձերու միջոցաւ։ Համացնանցին չէզոքութիւնը լոկ երեւոթ մըն է, ով որ կը հաղորդէ կը դառնայ մեկնակէտը` կապը։ Ա
նհատական մասնակցութեամբ է որ հաղորդավարութիւնը կը դառնայ վստահելի։ Ճիշտ ասոր համար է որ քրիստոնէական վկայութիւնը, շնորիւ համացանցի, կարող է հասնիլ հեռաւոր մարդոց։
Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը կ'եզրափակէ ըսելով` ''բարի սամարացիի պատկերը, որ կիսամեռ մարդուն հասաւ, գթաց վրան, մօտեցաւ, վէրքերուն վրայ ձէթ ու գինի դրաւ, կապեց եւ յետոյ տարաւ պանդոկ, թող ըլլայ մեր տիպարը։
Մի վախնաք ըլլալու քաղաքացիները համացանցի միջավայրին։ Հարկաւոր է Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը ու ներկայութիւնը հաղորդակցութեանց աշխարհին մէջ, երկխօսութեան մէջ մտնելու այսօրուան մարդուն հետ, ու զայն հրաւիրելու Յիսուսի հետ հանդիպում ունենալու։ Եկեղեցի մը, որ գիտէ ընկերանալ, կարող է բոլորին հետ կապ հաստատել։ Այդ իմաստով ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու յեղաշրջումը մեծապէս շահագրգիռ մարտահրաէր մըն է, որ կը պահանջէ առոյգ ոյժ եւ բեղուն երեւակայութիւն, հաղորդելու ուրիշներուն Աստուծոյ գեղեցկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.