2014-01-23 11:50:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը ''Նախանձն ու չարախօսութիւնը կը բաժնեն հասարակութիւնները''։


Հինգշանթի, 23 յունուար 2014,Ֆրանչիսկոս Պապը, առաւօտեան ժամը եօթին, սովորութեան համաձայն, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթուայ վեցերորդ օրուայ առթիւ, մատուցած սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, մատնանշեց թէ ''Քրիստոնեաները, հասարակութիւնները բաժնող ու կործանող` նախանձի եւ չարախօսութեան դիմաց կը փակեն դռները''։

''Նախանձը կը մղէ սպանութեան։ Այս դռնէն է որ սատանան մուտք գործեց աշխարհ։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք ''սատանայի նախանձի պատճառաւ է որ չարը մտաւ աշխարհ''։ Նախանձը չար գործերու դռները կը բանայ եւ հասարակութիւնները կը բաժնէ։ Քրիստոնեայ հասարակութիւն մը երբ նախանձէ կը տառապի` բաժանումի կ՛ ենթարկուի։ Մէկը միւսին դէմ։ Ուժեղ թոյն մըն է նախանձը, ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով թէ ''նախանձի մը սրտին մէջ երկու բան կը պատահին, առաջինը ''դառնութիւն''։ Երբ անձ մը կը նախանձի դառն անձ մը կը դառնայ։ Չի գիտեր երգել, չի գիտեր փառափանել, չի գիտեր ի՞նչ է երջանկութիւնը եւ միշտ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացանէ այն բաներուն վրայ զոր ուրիշները ունին եւ ինք չունի։ Եւ այս մէկը զինք կը մղէ դառնացումի, դառնացում մը որ կը վառակէ համայն հասարակութիւնը։ Իսկ երկրորդ վարուելակերպը` չարախօսութիւնն է։ Որովհետեւ նախանձը չի հանդուրժեր որ ուրիշը աւելին ունենայ եւ արդ կը փորձէ զայն նուազեցնել այն միտումով որ ինք բարձրանայ։ Եւ այս ընելու համար կը դիմէ չարախօսութեան ու չարախօսութեան ետին կայ միշտ նախանձը։ Չարախօսութիւններն ալ կը բաժնեն հասարակութիւնը ու զայն կը կործանեն։ Ասոնք սատանային զէնքերն են – հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ ''Քանի քրիստոնեայ հասարակութիւններ կ՛ապրէին խաղաղ, ու ապա անոնց մէկ անդամին մէջ մտաւ նախանձի ցեցը, ու անոր հետ տխրութիւնը։ Սուրբ Յովհաննէս կը գրէ` ''Ով որ իր եղբայրը կ՛ատէ մարդասպան է'' եւ նախանձը իր եղբայրը ատող մըն է։
Աղօթենք մեր քրիստոեայ հասարակութիւններուն համար – ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով քարոզը – աղօթենք որպէսզի նախանձի սերմը չի բնակի մեր մէջ, ու մեր եւ մեր հասարակութիւններու սրտերուն մէջ տեղ չի գրաւէ, որպէսզի կարենանք յառաջ ընթանալ Տէրը փառաբանելով ուրախութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.