2014-01-23 10:26:30

Հալէպի Միջազգային օդակայանը վերսկսած է գործելու


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Կէս տարուան պարտադիր ընդմիջումէ ետք, Չորեքշաբթի, Յունուար 22ին, Հալէպի միջազգային օդակայանը վերսկսած է իր աշխատանքին. այս մասին տեղեկացուցած է Հալէպի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի մամլոյ ծառայութիւնը՝ նշելով, որ Հալէպի օդակայանին մէջ Յունուար 22ին վայրէջք կատարած է օդանաւ մը:
Քանի մը ամիս սուրիական բանակը ծանր մարտեր մղած էր՝ Հալէպի միջազգային օդակայանի շրջակայ տարածքը ահաբեկչական խմբաւորումներէ մաքրելու համար: Սուրիական բանակը Հալէպի միջազգային օդակայանի տարածքը քանի մը օր առաջ ապահով հռչակած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.