2014-01-23 10:35:13

Գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի «Օրեր... եւ Տեսիլքներ» խորագրեալ արաբերէն նորատիպը


Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, վերջերս լոյս տեսաւ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեանի «Օրեր...եւ Տեսիլքներ» խորագրեալ արաբերէն նորատիպը:
Հատորը կ'ընդգրկէ յօդուածներ, որոնք կ'արտայայտեն հեղինակին ապրումները ու մտորումները՝ ի տես եւ ի լուր հայ ազգի ու Եկեղեցւոյ տառապանքին, Արեւելքի Եկեղեցիներու եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու ցաւալի իրավիճակին եւ առօրեայ կեանքի դժուարութիւններուն: Վերջին բաժնին մէջ, ուր հեղինակը յատուկ ուշադրութեամբ կ'անդրադառնայ Հայ Դատին, ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ շարք մը յօդուածներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.