2014-01-23 14:52:34

Աղօթք եկեղեցիներու միութեան դիտաւորութեան


Ո՞վ Տէր
Դուն որ մահուանդ նախօրեակին
աղօթեցիր որ քու բոլոր աշակերտներդ կարենան դառնալ
կատարեալ եւ մի
քեզի նման ինչպէս Դուն Հօրդ հետ
եւ Հայրդ Քեզի հետ
մեզի զգացուր մեր դաւաճանութեան եւ անմիութեան հոգին

Տուր մեզի հաւատարմութիւնը ճանչնալու
եւ քաջութիւնը մերժելու
ամէն ինչ որ մեր սրտին մէջ թաքչուած եւ պահուած է,
ինչպէս անտարբերութիւնը եւ անվստահութիւնը
եւ նոյնիսկ փոխադարձ անհաշտութիւնը եւ թշնամութիւնը:

Շնորհքը տուր մեզի որ զիրար աւելի ճանչնանք եւ իրարու մօտենանք
Որպէսզի մեր հոգիներէն եւ շրթունքներէն բարձրանան անընդհատ
Քու սիրած աղօթքիդ քրիստոնեաներու միութեան համար,
Ինչպէս որ Դուն ցանկացար եւ այն միջոցներով որ դուն կը փափաքիս

Դուն ո՜վ Տէր որ կատարեալ բարեգործ ես
Մեզի ցոյց տուր այն ճանապարհը որ մեզ կը տանի դէպի միութիւն
Ուր կը գտնենք քու Սէրդ ու Ճշմարտութիւնդ

ԱՄԷՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.