2014-01-23 10:26:01

«Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը բանավէճով ընթացք առաւ


ՄՈՆԹՐՕ, Զուիցերիա, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունուար 22ին ընթացք առաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման նուիրուած միջազգային «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը, մասնակցութեամբ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ աւելի քան 30 երկիրներու ներկայացուցիչներու: Սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ պաշտօնական բանակցութիւնները ընթացք պիտի առնեն Ուրբաթ օր:
Խորհրդաժողովին ընթացքին արագօրէն բացայայտուեցան մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռսուիոյ, իսկ միւս կողմէ՝ Սուրիոյ իշխանութեանց ու ընդդիմութեան միջեւ տարակարծութիւնները, որոնք սուր բանավէճի վերածուեցան:
Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի դարձեալ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար նոյնիսկ փոխանցման կառավարութեան մաս կազմել, մինչ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննադատեց գործընթացի առաջին վայրկեանէն իսկ նման նախապայմաններ դնելու փորձը: Լաւրով կրկնեց, թէ Իրան պէտք է մաս կազմէ Սուրիոյ տագնապի լուծման աշխատանքներուն:
Ապա, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ խստօրէն քննադատեց Սուրիոյ ընդդիմութեան «ահաբեկչական արարքները», ինչպէս նաեւ ընդդիմութիւնը զինող արաբական շարք մը երկիրներ ու Թուրքիան: «Այն, ինչ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, յեղափոխութեան անուան տակ արտասահմանէն եկած ահաբեկչութիւն է», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաուատ Զարիֆ ցաւ յայտնեց Պան Քի Մունի կողմէ Իրանին ուղղուած հրաւէրը յետս կոչելուն առթիւ՝ աւելցնելով, որ «այս վարմունքը ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի մը վայել չէ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.