2014-01-22 16:23:14

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Տաւոսի ''համաշխարհային տնտեսական համաժողովին''։


22 – 25 յունուար, Տաւոսի մէջ ( Զուիցերեայ) տեղի կ՛ունենայ համաշխարհային տնտեսական 44-րդ համաժողովը, որուն կը մասկանցին 2500 պատգամաւորներ, որոնց շարքին 40 նախագահներ եւ վարչապետներ։
Կաթողիկէ Եկեղեցին կը ներկայացնեն² Կարտինալ Փիթէր Թուրքսոն` Խաղաղութիւն եւ արդարութիւն Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, Կարտինալ Ճոն Օնայեքան, Կարտինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ եւ Տուպլինի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Տիարմուիտ Մարթին։
Համաժողովի առթիւ, Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը պատգամ մը յղած է ժողովականներուն, որուն ընթերցումը կատարեց Կարտինալ Թուրքսոն, երեքշաբթի 21 յունուարի երեկոյեան ժամը 18,15-ին, համաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին։

Տիար Փրոֆ. Քլաուս Շուապ ` նախագահ Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովին ։
Սրտագին շնորհակալ եմ, ինծի ուղղուած ձեր հրաւէրին համար, համաշխարհային տնտեսական համաժողովի տարեկան հանդիպումին առթիւ, որ ինչպէս միշտ, տեղի կ՛ունենայ Տաւոս – Քլոսթէրս քաղաքին մէջ, այս ամսուայ վերջաւորութեան։
Վստահ ըլլալով որ հանդիպումը առիթ պիտի ընծայէ, աւելի խոր կերպով խորհրդածելու, վերջին տարիներուն, համայն աշխարհը մտահոգող տնտեսական տագնապի պատճառներուն մասին, կը փափաքէի մի քանի նկատումներ ներկայացնել, այն յոյսով որ անոնք կարենան հարստացնել համաժողովի քննարկումները եւ օգտակար նպաստ հանդիսանան այս կարեւոր աշխատանքին։
Մեր ժամանակաշրջանը, յատկանշուած է, տարբեր ոլորտներու մէջ, էական փոփոխութիւններու եւ նշանակալից զարգացումի, որոնք կարեւոր հետեւանքներ ունին մարդոց կանքին վրայ։
Արդարեւ, ''պէտք է գնահատել անհատներու բարօրութեան նպաստող ձեռքբերումները, օրինակ` հաղորդակցութեան, կրթական եւ առողջապահական մարզերուն մէջ'' (Աւետարանի Ուրախութիւն, 52), ինչպէս նաեւ այլ ուրիշ մարդկային ապրումի մարզերուն մէջ, եւ հարկ է ընդունիլ, այս դարաշրջանային փոփոխութիւններու ծիրէն ներս, ժամանակակից ձեռնարկատիրութեան ունեցած կարեւոր դերը` խթանելով եւ զարգացնելով մարդկային անծայրածիր իմաստութիւնը։
Ամենայն դէպս, ձեռք բերուած յաջողութիւնները, նուաճեցնելով հանդերձ, մեծաթիւ մարդոց աղքատութեան մակարդակը, շատ անգամ պատճառ հանդիսացան ընկերային համատարած մեկուսացումի։
Արդարեւ, մեր ժամանակաշրջանի այրերու ու կիներու մեծամասնութիւնը կը շարունակէ ապրիլ, առօրեայի անկայունութեան մէջ, ստէպ` ողբերգական հետեւանքներով։
Այս առիթով, կ՛ուզեմ վերակոչել քաղաքական եւ տնտեսական կառոյցներու ունեցած կարեւորութիւնը, ներառական մօտեցումի յառաջացման ուղիով, որ պէտք է հաշուի առնէ իւրաքանչիւր մարդ արարածի արժանապատուութիւնը եւ հասարակաց բարիքը։ Մտահոգութիւն մը` որ պէտք է դրոշմէ քաղաքական եւ տնտեսական որեւէ ընտրանք եւ որ սակայն երբեմն, այնպէս կը թուի, որ միայն ելոյթի մը լրացուցիչն ըլլար։
Անոնք որ այս մարզերուն մէջ պարտականութիւններ ստանձնած են, ունին նաեւ ուրիշներու հանդէպ, ճշդուած պատասխանատուութիւն մը, յատկապէս անոնց հանդէպ որ դիւրաբեկ են, տկար եւ անպաշտպան։
Կարելի չէ հանդուրժել` որ հազարաւոր մարդիկ, ամէն օր մեռնին անօթութեան պատճառաւ, հակառակ կերակուրի բաւարար քանակութեան տրամադրութեան, որ յաճախ պարզապէս կը մսխուի։
Հաւասարապէս կարելի չէ անտարբեր թողուլ բազմաթիւ փախստականները, որոնք արժանավայել կեանքի պայմաններ կը փնտռեն, եւ որոնք ոչ միայն հիւրընկալութիւն չեն գտներ այլ յաճախ անմարդկային ճամբորդութիւններու ընթացքին մահուան կը հանդիպին։
Գիտակից եմ թէ խիստ բառեր են ասոնք, եւ նոյնիսկ ողբերգական, ամենայն դէպս այս բառերը կ՛ուզեն ընդգծել, ու նաեւ հանդիսանալ, այս լսարանի ունկնդիրներուն վրայ, ազդեցութիւն ունեցող մարտահրաւէր։
Արդարեւ անոնք որ իրենց հանճարով եւ մասնագիտական տաղանդով կարողացան ստեղծել նորարարութիւն, նպաստելով մադկանց բարեկեցութեան, կրնան աւելին ընել, իրենց կարողութիւնները դնելով չքաւորութեան մէջ տակաւին ապրողներու ծառայութեան ի սպաս։
Հետեւաբար բոլորին կողմէ պէտք է , նորոգուած, խոր եւ ընդլայնուած պատասխանատուութեան զգացում։
''Գործարարի մը կչումը, արդարեւ, ազնուական աշխատանք մըն է, որ կ՛ընդունի հարցադրել, կեանքի ընդլայնուած իմաստի վրայ։ (Աւետարանի Ուրախութիւն, 52,)։ Այս մէկը բազմաթիւ մարդոց ու կիներուն հնարաւորութիւն մը կը ներկայացնէ, աւելի արդիւնաւէտ կերպով ծառայելու հասարակաց բարիքին եւ աւելի մատչելի դարձնելու աշխարհի բարիքները բոլորին։
Հաւասարութեան մէջ աճումը, թէեւ կ՛ենթադրէ տնտեսական աճում, սակայն կը պահանջէ նաեւ աւելին։ Ամենէն առաջ ` ''մարդ արարածի հանդէպ վերանցնական տեսլակէտ'' (Պետետիկսո ԺԶ, Սէրը ճշմարտութեան մէջ, 11). Որովհետեւ ''առանց յաւիտենական կեանքի մը հեռանկարին, այս աշխարհի մէջ մարդկային զարգացումը կը մնայ զրկուած շունչէ։ Հաւասարապէս կը պահանջէ նաեւ, որոշումներ, մեխանիզմներ եւ գործընթացք որոնք կը ձգտին հարստութեան հաւասար բաշխումին եւ աշխատանքի կարելիութիւններու ստեղծումին, ինչպէս նաեւ աղքատներուն վիճակին կատարեալ բարգաւաճումին որ գերազանցէ լոկ օժանդակութիւնը։
Համոզուած եմ որ վերանցնականին հանդէպ այս բացումէն կարելի պիտի ըլլայ կերտել քաղաքական եւ գործարարական նոր մտայնութիւն մը, որ կարող է համայն տնտեսական եւ ֆինանսական գործունէութիւնը առաջնորդել` մարդկային իսկական բարոյական տեսակէտով։
Միջազգային գործարարական հասարակութիւնը կրնայ վստահիլ պարկեշտ եւ անձնական ամբողջականութեամբ, շատ մը մարդոց ու կիներու վրայ, որոնց աշխատանքը ներշնչուած է եւ առաջնորդուած` արդարութեան, առատաձեռնութեան եւ մարդկային ընտանիքի իսկական զարգացումի, վսեմ իտէալներէն։
Ձեզ կը յորդորեմ ուրեմն, ձգտելու այս մարդկային եւ բարոյական ազնուական կենսամիջոցներուն եւ վճռակամութեամբ եւ հեռատեսութեամբ դիմագրաւելու մարտահրաւէրը։
Առանց անտեսելու, ի հարկէ, իւրանքանչիւր մարզի գիտական եւ մասնագիտական յատկութիւնը, ձեզմէ կը խնդրեմ որ այնպէս մը ընէք որ հարստութիւնը ծառայէ մարդկութեան եւ ոչ թէ գերիշխէ անոր վրայ։
Պարոն նախագահ, սիրելի բարեկամներ,
Մաղթելով որ այս հակիրճ խօսքիս մէջ կարենաք նկատել առաքելական հոգատարութեան նշան մը, եւ կառուցողական ներդրում մը, որպէսզի ձեր գործունէութիւնը ըլլայ միշտ ազնուական ու պտղաբեր, կ՛ուզեմ նորոգել իր մաղթանքս հանդիպումի աշխատանքներու յաջողութեան, մինչ կը հայցեմ Աստուածային օրհնութիւնը ձեր ու համաժողովին մասնակցողներուն վրայ, ինչպէս նաեւ ձեր ընտանիքներուն ու ձեր գործունէութեան վրայ։
Տուեալ` Վատիկան 17 յունուար 2014։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.