2014-01-22 15:28:09

Ֆրանչիկսոս Քահանայապետին Ժընեւ2 համաժողովին ուղղած կոչը։


Վատիկան` 22 յունուար 2014։ Ժընեւ2 խորհրդաժողովին առթիւ, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հետեւեալ կոչը ուղղեց`
''Այսօր` Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ բացումը կը կատարուի, միջազգային համաժողովի մը, Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ, որուն պիտի յաջորդեն Ժընեւի մէջ կայանալիք բանակցութիւններ, յառաջիկայ 24 յունուարէն սկսեալ։
Կ՛աղօթեմ Տէրը որպէսզի դպչի բոլորին սրտին ու անոնք` փնտռելով, մեծապէս տանչուած Սուրիացի ժողովուրին գերագոյն բարիքը, ոչ մի ջանք խնայեն, շտապ կերպով հասնելու բռնութիւններու դադրեցումին ու վերջ դնելու հակամարտութեան որ արդեն բազմաթիւ տառապանք յառաջացուցած է։
Սիրեցեալ Սուրիոյ կը մաղթեմ հաշտութեան, համերաշխութեան եւ վերաշինութեան, վճռակամ ուղեւորութիւն, բոլոր քաղաքացիներու մասնակցութեամբ, ուր ամէն մէկը կարողանայ միւսին մէջ գտնել ոչ թէ թշնամի մը, ոչ թէ մրցակից մը, այլ եղբայր մը որ պէտք է ընդունիլ եւ ողջագուրել։''








All the contents on this site are copyrighted ©.