2014-01-22 10:09:51

Զուիցերիոյ մէջ Մեկնարկած է Սուրիոյ Հարցով «Ժընեւ-2» Համաժողովը


Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ մեկնարկած է Սուրիոյ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած «Ժընեւ-2» միջազգային համաժողովը:
Համաժողովին կը մասնակցի 39 երկիր, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը, Արաբական պետութիւններու լիկայի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ղեկավարները, Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնները:
Յայտնի է, որ Յունուար 24-ին պաշտօնական Դամասկոսն ու ընդդիմադիրները խաղաղ կարգաւորման ուղիներու փնտռտուքը պիտի շարունակեն Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան մօտ:
Իսկ Մոնթրէոյի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ Ասատի մօտ 300 ներկայացուցիչներ ցոյց կազմակերպած են այն հիւրանոցի մուտքին մօտ, ուր կ’իրականացուի համաժողովը:
Համաժողովի նախօրէին բանակցութիւններէն դուրս մնացած Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին այսօր յայտարարած է, որ Սուրիոյ խաղաղ բանակցութիւնները հազիւ թէ յաջողութեամբ պսակուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ:
Երէկ գիշերը յայտնի դարձած էր նաեւ, որ Սուրիոյ քիւրտերը ինքնավարութիւն հռչակած են երկրի հիւսիսը. անոնք անմիջական ներկայացուածութիւն չունին համաժողովին:








All the contents on this site are copyrighted ©.