2014-01-21 10:00:51

ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը Վատիկան կ'այցելէ յառաջիկայ 24 յունուարին։


Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, յառաջիկայ 24 յունուարին, իր առաջին այցելութիւնը կը կատարէ Վատիկան։ Այս լուրը հաստատուած է Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի կողմէ։
Յայտնենք որ ֆրանսայի նախագահը ունի ''պատւոյ կանոնիկոս''ի եզակի տիտղոսը Հռոմի Ս. Յովհաննէս տաճարին։ Վատիկանի իր այցելութեան առթիւ նախագահ Հոլլանտը վերոիյշեալ տաճարին այցելութիւն կը կատարէ, ստանձնելու պատուոյ իր աթոռը։
ֆրանսայի 5-րդ հանրապետութեան բոլոր նախագահները Վատիկան ներկայացան ընդունելու ''պատւոյ կանոնիկոս''ի եզակի տիտղոսը սկսեալ նախագահ Շառլ Տը Կոլէն։ Անցեալ մայիսին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունած էր ֆրանսայի ազգային ժողովէն խումբ մը երեսփոխաններ եւ անոնց ուղղած իր ճառին մէջ ըսած էր որ անոնց դերը կը կայանայ օրէնքներուն կեանք տալու ու հակառակ պարագային օրէնքները ջնջելու։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ֆրանսացի եպիսկոպոսները ընդունելով քաջալերած էր զանոնք իրենց ձայնը վճռականօրէն ու մշտատեւ լսելի դարձնելու ընկերութեան հայող կարեւոր հարցերու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.