2014-01-21 10:26:37

Հայաստանի Նախագահի շնորհաւորական ուղերձներու եւ դրամական օժանդակութեան յանձնում` Դամասկոսի մէջ


19 յունուարին Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Դամասկոսի հայկական ուսումնական հաստատութիւններու ղեկավարներուն փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձներն ու դրամական նուիրատուութիւնները` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով:Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ եպս. Առնաութեան, թեմական եւ գաւառական ժողովներու ու միութիւններու ղեկավարներ, հոգաբարձուներու խորհուրդներու անդամներ եւ դպրոցներու տնօրէններ:Դեսպան Արշակ Փոլատեան կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ուղերձը, ուր ջերմօրէն շնորհաւորելով հայկական դպրոցներու ուսուցչական կազմերուն ներկայացուցիչներն ու սաները, համոզմունք կը յայտնուի, որ բարեկամ Սուրիոյ մէջ մօտ ապագային պիտի տիրէ սպասուած խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը` ընդգծելով, որ թէ՛ Հայաստանը, եւ թէ՛ համայն հայութիւնը կ՛աջակցին եւ պիտի աջակցին սուրիահայերուն` վերագտնելու խաղաղութիւնը եւ պահպանելու իրենց օճախները:Իրենց շնորհակալական խօսքերուն մէջ Դամասկոսի հայկական դպրոցներուն ղեկավարները եւ հոգեւոր հայրերը բարձր գնահատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ջերմ վերաբերմունքը եւ հոգատարութիւնը ծանր օրեր ապրող սուրիահայ գաղութին նկատմամբ եւ երախտագիտութեամբ ընդունեցին նախագահ Սարգսեանին կողմէ ցուցաբերուած դրամական օժանդակութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.