2014-01-21 10:09:09

''Ժընեւ2'' բանակցութիւններուն ի տես Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''խաղաղութեան'' նուիրուած թուիթները։


Ի տես յունուար 22-ի կայանալիք Ժընեւ2 բանակցական խորհրդաժողովին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակելով խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ իր կոչն ու աղօթքը, անցեալ շաբաթ հրատարակած իր թուիթներիու ընդմէջէն հրաւիրեց աղօթել խախաղութեան համար։
Հինգշաբթի 16 յունուարին հրատարակած իր թուիթին մէջ, Քահանայապետը գրած էր` ''Աղօթենք խաղաղութեան համար ու ջանանք կերտել զայն, մեր օճախներէն սկսեալ''։Ապա, 17 յունուարին, գրեց` ''Ինչքան հզօր է աղօթքը. երբեք չկորսնցնենք քաջութիւնը ըսելու. ''Տէր, տո'ւր մեզի քու խաղաղութիւնդ''։Հուսկ` շաբաթ 18 յունուարին հրատարակած թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց` ''Պատերազմները բազմաթիւ կեանքեր կը կոտորեն։ Կը մտաբերեմ յատկապէս երախաները` որոնց մանկութիւնը կողոպտուած է։''








All the contents on this site are copyrighted ©.