2014-01-20 12:35:53

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Հռոմի ''Յիսուսի Սուրբ Սրտի'' Սալեզեաններու ժողովրդապետութեան թափառաշրջիկներուն եւ գաղթական երիտասարդներուն հետ։



Կիրակի, 19 յունուար, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն մը կատարեց Հռոմի ''Գասդրօ Փրէդորիօ'' շրջանի Սալեզեաններու ''Յիսուսի Սուրբ Սրտի'' ժողովրդապետութեան։ Նորին Սրբութիւնը այցելութեան վայր ժամանեց յետմիջօրէի ժամը 4-ին, ուր զինք դիմաւորեցին ժողովրդապետութեան հաւատացեալները։
Այցելութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ ժողովրդապետութեան մէջ ապաստան գտած թափառաշրջիկներու եւ գաղթական երիտասրադներու հետ, ինչպէս նաեւ անոնցմով զբաղող` ժողովրդապետութեան կամաւորներուն հետ։ Ան ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Մկրտութեան խորհրուդը ընդունած նորածին մանուկներու ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։ Ժողովրդապետութեան մէկ սրահին մէջ մատակարարելէ ետք ապաշխարութեան խորհուրդը, ժամը 6-ին, Սրբազան Հայրը, ժողովրդապետութեան Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որմէ ետք հանդիպում ունեցաւ Սալեզեան միաբանութեան հասարակութեան անդամներուն հետ։
Գաղթականներուն ու թափառաշրջիկներուն հետ հանդպման ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը ուրախութիւնը յայտնեց ''ջերմ ու մտերմիկ'' ընդունելութեան համար։ ''Ձեր հետ ինքզինքս իմ տանս մէջ կը զգամ, ձեր առանց ''փրոթոքոլի'' ջերմ ընդունելութեան համար, կարծէս ըլլայի ընտանիքիս մէջ։ Շնորհակալ եմ'' -ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ու ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած երկու հարցումներուն ուր անդրադարձաւ ''ուրիշներու հետ կեանքի ցաւերը բաժնեկցելու կարեւորութեան'' ինչպէս նաեւ ''սովի եւ ծարաւի'' հարցի մասին ակնարկելով նաեւ բացի մարմանական ծարաւէն, հոգեւոր սնունդի եւ ծարաւին։ Սրբազան Հայրը մատնանշեց նաեւ բարեկամութեան, մօտիկութեան, եղբայրութեան ու խաղաղութեան որոնք յառաջ կու գան Յիսուսին մեր մէջ ներկայաութենէն – ըսաւ Ան – ու ապա խօսքերու աւարտին, ջամբելէ առաջ իր առաքելական օրհնութիւնը ներկաներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.