2014-01-20 13:33:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզը ''Յիսուսի Սուրբ Սրտի'' պազիլիքային մէջ։


Լէւոն ԺԳ Քահանայապետի օրով, 1879-ին հիմնուած, Հռոմի ''Թերմինի'' կոչուած, շոգեկառքի կայանի մօտ գտնուող, Յիսուսի Սուրբ Սրտի ժողովրդապետութիւնը այցելելով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կիրակի 19 յունաուրի երեկոյեան, ժողովրդապետութեան պազիլիքային մէջ, մատոյց Սուրբ Պատարագ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներու, ''անօճախներու'' եւ հոն ապաստան գտած գաղթականներու մասնակցութեամբ։
Իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Յիսուսի եւ Յովհաննէս Մկրտիչի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումի մասին եւ ուր Յովհաննէս կը վկայէ` ''Ահա՛ Աստուծոյ Գառը՝ որ կը քաւէ աշխարհի մեղքը''։ Սիրով ու հեզութեամբ Յիսուս, Աստուծոյ գառը, կը քաւէ մեր մեղքերը – հաստատեց Քահանայապետը – Ան` հլու, բարի, սիրով լի, փոքրերուն ու աղքատներուն մօտիկ է։ Յիսուս, թէեւ գառնուկի նման տկար, քաջութիւնն ու ուժը ունեցաւ իր վրայ առնելու աշխարհի մեղքերը։ Ան եկաւ ասոր համար` ներելու եւ աշխարհի հետ կնքելու խաղաղութեան դաշինք։ Ան եկաւ խաւարը փառատելու մեր սրտերէն ։Եկաւ շնորհելու խաղաղութիւնը, ներումը։ Այս է Յիսուսի պարգեւած փրկութիւնը։
Ապաւինինք Տիրոջ – ըսաւ Քահանայապետը – ներկաները հրաւիրելով աղօթել ''Տէր նայիր ինծի, մթութեան մէջ եմ, այս կամ այն մեղքը գործեցի, այս կամ այն դժուարութիւնը ունիմ....քեզի կը յանձնեմ ամէն ինչ'' ։ Քահանայապետը ապա հաստատեց ''Յիսուս երբեք յուսախափ պիտի չի թողու մեզ։ Երբեք, երբեք''։ Ու հրաւիրեց ներկաները պահ մը փակել աչքերը եւ երեւակայել որ կը գտնուին Յորդանան գետի ափին, Յիսուսի մկրտութեան պահուն, եւ ունկնդրել ձայնը որ կ՛ըսէ ''Ահա՛ Աստուծոյ Գառը՝ որ կը քաւէ աշխարհի մեղքը''։ ''Ամէն մէկը լռութեան մէջ իր սրտի խօսքը թող ուղղէ Յիսուսին, ու Ան որ խոնարհ ու բարի է, որ եկաւ քաւելու աշխարհի մեղքերը, թող առաջնորդէ մեր կեանքի քայլերը'' – եզրափակեց Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.