2014-01-20 12:49:36

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց ''Վատիկանի հասարակական անվտանգութեան տեսչութեան աձնակազմը''։


Վատիկան։ 20 յունուար 2014, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, որմէ ետք ընդունեց Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` գերապայծառ Վինչէնցօ Բալիա, հուսկ Լոզանի, Ժընեւի եւ Ֆրիպուրկի տեղապահ Եպսիկոպոս` գերապայծառ Ալէն Տէ Ռայեմի։
Ժամը 12,15 անց, Ֆրանչիսկոս Պապը, Քլեմենդիա Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի հասարակական անվտանգութեան տեսչութեան աձնակազմին։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ տեսչութիւնը, ծնունդ առած է 1945-ին եւ կ՛երաշխաւորէ Սրբազան Քահանայապետի եւ Վատիկանի ապահովութիւնը. Պարտականութիւն մը որ յանձնուած է Իտալական ապահովական իշխանութիւններուն։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը, ողջունելով բոլոր ներկաները, նկատել տուաւ թէ այս հանդիպումը աւանդական դարձած է ու թէ իրեն համար, առաջինն է։ Ան ապա սրտագին շնորհակալական խօսք ուղղեց '' հասարակական անվտանգութեան տեսչութեան աձնակազմին'', անոնց մատուցած հսկողութեան եւ ապահովութեան ծառայութեան համար։ ''Ձեր գործունէութիւնը - ըսաւ Քահանայապետը- կը պահանջէ ''թէխնիքական ու մասնագիտական'' պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ ուշադիր հսկողութիւն, ազնուութիւն ու նուիրում։ Ուխատւորներն ու զբօսաշրջիկները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որ Սուրբ Աթոռի տարբեր գրասենեակներու մէջ կ՛աշխատին, գիտակից են որ կրնան ձեր բարեկամական աջակցութեան վրայ վստահիլ''։
Սրբազան Հայրը յատուկէն շնորհակալ եղաւ անոնց ''Քոնքլավի'' ընթացքին մատուցած ծառայութեան ո ապա ճառը եզրափակեց մաղթելով որ ''Վատիկանի մօտ ծառայութեան աշխատաշրջանը հանդիսանայ առիթ մը զարգացնելու եւ աճեցնելու հաւատքը։ Հաւատքը – ըսաւ Ան - որ ամենաթանկագին գանձն է որ ձեր ընտանիքները փոխանցեցին ձեզի եւ զոր դուք կանչուած էք փոխանցելու ձեր զաւակներուն։ Անհրաժեխտ է վերագտնել Աւետարանկան պատգամը ամենօրեայ կեանքի ապրումներուն մէջ, քաջութեամբ վկայելով Աստուծոյ սէրը ամէն վայրի մէջ ու նաեւ աշխատանքին մէջ – յանձնարարեց Քահանայապետը - ու ապա բոլոր ներկաները յանձնեց ''Աստուածամօր հովանիին, որպէսզի Ան` որպէս խնամակալ Մայր, պահպանէ ձեզմէ ամէն մին, ձեր ընտանիքներն ու ձեր գործը։ Խնդրեմ աղօթեցէք ինծի համար։ Պէտք ունիմ ձեր աղօթքներուն։ Օրհնութիւնս կու տամ ձեզ։ Ըսաւ Քահանայապետը աւարտելով ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.