2014-01-20 14:25:28

Պոլսոյ մէջ ցուցարարները արդարութիւն կը պահանջեն Տինքի հարցով


Հազարաւոր ցուցարարներ, կիրակի 19 յունուարին, Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ արդար դատավարութիւն պահանջած են հայ անուանի լրագրող, Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով:
52-ամեայ Հրանդ Տինք սպաննուած էր եօթը տարի առաջ` 19 Յունուար 2007-ին:
Թաքսիմի հրապարակին վրայ ցուցարարները վանկարկած են «Մարդասպան պետութիւնը պէտք է պատասխանատւութեան կանչուի» եւ «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք, բոլորս հայ» կարգախօսները:
Իսկ երկուշաբթի, 20 յունուարին, Երեւանի Հրանդ Տինքի անունը կրող դպրոցէն ներս, կազմակերպուեցաւ յիշատակի օր՝ նուիրուած Հրանդ Տինքին։
Բարձր դասարանի աշակերտներուն եւ ներկայ ծնողներուն Հրանդ Տինքի մասին պատմեց ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեան, որ աշակերտներւն կոչ ուղղելով ըսաւ,- “եթէ մենք չլինենք, դուք պէտք է տէր կանգնէք մեր հողերին” ։







All the contents on this site are copyrighted ©.