ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր մարմինին «Ժընեւ-2»-ին
մասնակցելու «քաջարի ու պատմական» որոշումը
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր եւ յեղափոխական ուժերու
Ազգային համաձայնական մարմինի անդամներուն մեծամասնութիւնը Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծման
համար «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելուն թեր քուէարկած է: Ըստ մարմինի մամլոյ
ծառայութեան, մարմինի 73 անդամներէն 58-ն թեր քուէարկած է մասնակցելու խորհրդաժողովին,
որ տեղի պիտի ունենայ 22 յունուարին` Զուիցերիոյ մէջ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը
ողջունեց Ազգային համաձայնական մարմինի որոշումը: Արտաքին գործոց փոխնախարար Պոկտանով
յայտարարեց, որ «ընդդիմութեան այս որոշումը ճիշդ որոշում մըն է»: Բրիտանիոյ արտաքին
գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին ողջունեց չորեքշաբթի օր Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք
միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցելու Ազգային համաձայնական մարմինի «դժուար» որոշումը`
աւելցնելով, որ «որեւէ փոխզիջումային լուծում, որուն շուրջ համաձայնութիւն կը գոյանայ,
կը նշանակէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար Սուրիոյ ապագային մէջ որեւէ դերակատարութիւն
ունենալ»: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր մարմինին
«Ժընեւ-2»-ին մասնակցելու «քաջարի ու պատմական» որոշումը: Ան Ազգային համաձայնական մարմինի
նախագահ Ահմետ Ժարպային կոչ ուղղեց գոյացնելու պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուած
ըլլան ընդդիմութեան բոլոր կողմերը, ներառեալ` կիները: