2014-01-20 10:17:43

Եգիպտոսի նոր սահմանադրութիւնը արժանացած Է քուէարկողներու 98 առ հարիւրին հաւանութեան


«ՌԻԱ-Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Նեպիլ Սալիպ յայտարարած է, որ Եգիպտոսի նոր սահմանադրութիւնը արժանացած է քուէարկողներու 98 առ հարիւրին հաւանութեան, իսկ քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը շուրջ 40 առ հարիւր էր:
Եգիպտոսի նոր սահմանադրութեան վերաբերեալ հանրաքուէն տեղի ունեցաւ 14 եւ 15 յունուարին: Քուէարկութեան մասնակցած է աւելի քան քսան միլիոն մարդ, որոնք կը կազմեն քուէարկելու իրաւունք ունեցող բնակչութեան 38.6 առ հարիւրը:
Ափրիկեան երկիրներու դէտերու պատուիրակութեան նախագահ Քասամ Օթիմ յայտնեց, որ «ափրիկեցի դէտերուն դիտողութիւնները չեն ազդեր ընթացքին ու արդիւնքին վրայ հանրաքուէին, որ հաւաստիութեան ու արդարութեան բարձրագոյն մակարդակով տեղի ունեցաւ»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ «սահմանադրութեան շուրջ հանրաքուէն չէ, որ Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարութիւնը կը ճշդէ, այլ անոր հետեւող քայլերը»:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի դատախազութիւնը հրամայեց դատել պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսին եւ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարութենէն 25 այլ անձեր դատական իշխանութիւնները վարկաբեկելու ու անոր անդամներուն վրայ ճնշում ։







All the contents on this site are copyrighted ©.