2014-01-19 12:45:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Այցելութիւնը Հռոմի ''Յիսուսի Սուրբ Սրտի'' Սալեզեաններու ժողովրդապետութեան։


Կիրակի, 19 յունուար, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ''Գասդրօ Փրէդորիօ'' շրջանի Սալեզեաններու ''Յիսուսի Սուրբ Սրտի'' ժողովրդապետութեան։
Այս կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետի Հռոմի իր թեմին կատարած չորրորդ հովուական այցելութիւնը։ Առաջինը` եղած էր Սրբուհի Եղիսաբէթ եւ Սուրբ Զաքարիայի ժողովրդապետութեան այցելութիւնը 2013-ի մայիս 26-ին, ապա Աղեսանդրիոյ Սուրբ Կիւրեղի ժողովրդապետութիւնը դեկտեմբեր 1-ին, հուսկ 6 յունուար 2014-ին` Սուրբ Ալֆոնսիոս Մարիա Տէ Լիկուրիի կատարած այցելութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանէն կը մեկնի 15,45-ին եւ այցելութեան վայր կը ժամանէ 4-ին, ուր զինք կը դիմաւորեն ժողովրդապետութեան հաւատացեալները։ Նորին Սրբութիւնը առաջին հանդիպումը կ՛ունենայ 60 ''թափառաշրջիկներու'' հետ ու ապա գաղթական երիտասրադներու մէկ խումբին հետ ու անոնցմով զբաղող` ժողովրդապետութեան կամաւորներուն հետ։
Նորին Սրբութիւնը ապա կը հանդիպի Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը ընդունած նորածին մանուկներու ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ ու ապա ժողովրդապետութեան մէկ սրահին մէջ կը մատակարարէ խոստովանանքի խորհուրդը։
Ֆրանչիսկոս Պապը ժամը 6-ին, ժողովրդապետութեան Պազիլիքային մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որմէ ետք հանդիպում կ՛ունենայ մի քանի հիւանդներու եւ Սալեզեան միաբանութեան հասարակութեան անդամներուն հետ։
Յիսուսի Սուրբ Սրտի ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է 1879-ին Լէւոն ԺԳ քահանայապետի օրով։ Երջանկայիշատակ Քահանայապետը Սալեզեան միաբանութեան հիմնադիր ` Սուրբ Տոն Պոսքոն մօտը կանչելով անոր յանձնած է ժողովրդապետութեան Պազիլիքայի կառուցման ծրագիրը որուն աշխատանքները վերջ գտան 1887-ին։
Ժողովրդապետութեան գործունէութեան մաս կը կազմեն ''անօճախներու'' խնամատարութիւնը, երիտասարդնեու առաջնորդութիւնը ու ապա գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու օժանդակութիւն։ Յայտնենք որ Սուրբ Տոն Պոսքոն Ժողովրդապետութեան յարկին տակ բնակած է 30 ապրլէն մինչեւ 18 մայիս 1887։







All the contents on this site are copyrighted ©.