2014-01-18 11:41:23

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նեցուկ կը կանգնի կեանքի քայլարշաւի նախաձեռնութեան։


ֆրանսայի մօտ առաքելական դեսպան` գերապայծառ Լուիճի Վենդուրա ''կեանքի քայլարշաւ'' կոմիտէին իր ուղղած նամակին մէջ, կը հաղորդէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նեցուկը ու հոգեւոր մօտիկութիւնը կեանքի քայլարշաւի նախաձեռնութեան, որ տեղի կ'ունենայ կիրակի 19 յունուար 2014-ին Փարիզի մէջ։
Սրբազան Հայրը կը վերահաստատէ հարկաւորութիւնը ողջ պահել ուշադրութիւնը կեանքի պաշտպանութեան եւ միաժամանակ իր առաքելական օրհնութիւնը կ'ուղարկէ բոլոր մասնակցողներուն։
Ան իր օրհնութեան գիրին մէջ կը հրաւիրէ քայլարշաւին մասնակցողները դիտել Աստուած որպէս կեանքի Աստուածը։ ''Դիտենք Աստուծոյ օրէնքը եւ անոր Աւետարանը որպէս ազատութեան ու կեանքի ճանապարհ։ Կենդանի Աստուածը մեզ ազատ կը դարձնէ։ Այո ըսենք սիրոյ եւ ոչ` եսապաշտութեան։ Ըսենք` այո կեանքին եւ ոչ մահուան։ Մէկ խօսքով այո ըսենք Աստուծոյ, որ համակ սէր է, կեանք եւ ազատութիւն – շեշտած է Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.