2014-01-18 12:29:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Իտալական '' RAI'' ռատիո-հեռուստակայանի աշխատակազմին։


''Ամէն մին, իր պատասխանատուութեամբ, կանչուած է հսկելու` բարձր պահելու համար հաղորդակցութեան բարոյական որակը''։

Վատիկան։ Շաբաթ, 18 յունուար, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսաներու Ժողովի կառավարիչը կարտինալ Մարք Ուելլեն ու ապա գերմանիոյ Մէյնզ թեմի եպիսկոպոսը Կարտինալ Գարլ Լհէման։
Սրբազան Հայրը հուսկ ժամը 12-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական ''ՌԱՅ'' ռատիո- հեռուստակայանի աշխատակազմի` 8000 պատասխանատուներուն եւ աշխատակիցներուն։
Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետի հետ հանդիպումէն առաջ ՌԱՅ –ի աշխատակազմը, ժամը 10-ին, մասնակցեցաւ Կարտինալ Քոմասդրրի` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի արարողութեան։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, բարի գալուստի ողջոյնէն ետք, վերյիշեց հանդիպումի առիթները` RAI-ի ռատիկայանի հիմնադրութեան 90 ամեակը եւ հեռուստակայանի 60 ամեակը։
Բանալի բառը որուն վրայ կ՛ուզեմ շեշտել - ըսաւ Պապը - ''համագործակցութիւն'' բառն է։ Ան ապա ակնարկեց թէ ինչպէս Իտալացի ժողովուրդը կարողացած է հետեւիլ Քահանայապետի եւ Եկեղեցւոյ գոծունէութիւններուն, RAI-ի շնորհած սպասարկութեան միջոցաւ որ եղած է '' RAI''ի ու Ռատիովատիկանի ու Վատիկանի Հեռուստակայանի միջեւ համագործակցութեան պտուղ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ակնարկեց Իտալական ռատիո-հեռուստակայանի պատմական մի քանի հանգրուաններուն ու զարգացումի ասպարեզներուն մատնանշելով ռատիո հեռուստակայնի խաղցած կարեւոր դերակատարութեան` ընկերութեան յեղաշրջումի ծիրէն ներս։
''Ձեր աշխատանքը - ըսաւ Քահանայապետը - հանրային ծառայութիւն մըն է, ուստի կը ձգտի հասարակաց բարիքին'' ու աւելցուց ''հաղորդակցութեան բարոյական որակը պտուղն է` ոչ մակերեսային եւ ուշադիր խիղճի, որ կը յարգէ մարդ արարածները, ըլլան անոնք որ ''տեղեկատուութեան'' ենթական են­ ըլլան անոնք որոնց կ՛ուղղուի պատգամը։ Ամէն մին, -շարունակեց Ան - իր դերով եւ իր պատասխանատուութեամբ, կանչուած է հսկելու` բարձր պահելու համար հաղորդակցութեան բարոյական որակը''։
Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը եզրափակեց ներկաներուն մաղթելով ` նոր տարուայ սեմին բարի աշխատանք եւ յոյս յայտնելով որ անոնք կարենան իրենց գործը դնել մարդկային եւ հասարակութեան մշակոյթի ու քաղաքացիական զարգացումի ի նպաստ։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապի ճառէն առաջ Նորին Սրբութեան, յանուն ներկաներուն, ողջոյնի խօսք ուղղեց RAI-ի նախագահ Տիկին Աննա Մարիա Թարանթոլան որ Սրբազան Քահանայապետին յայտնեց RAI –ռատիո-հեռուստակայանի համայն ընտանիքի մօտիկութիւնը ինչպէս նաեւ յանձնառումը գործելու ի սպաս հանրութեան բարիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.