2014-01-18 10:12:24

Յիսուսեան միաբանութեան Վիեթնամ մուտքին 400 ամեակը։


18 Յունուար 2014ին, Յիսուսեան միաբանութիւնը 2014 տարին կը հռչակէ, ''Սուրբ Տարի'' տօնախմբելու համար Յիսուսեան միաբանութեան Վիեթնամ ներգործումի 400 ամեակը։
Արդարեւ 18 Յունուար 1615 ին, Յիսուսեան Միաբանութեան առաջին կրօնաւորը մուտք գոծեց Վիէթնամ՝ առաջնորդութեամբ Ճաբոնցի խումբ մը քրիստոնեաներուն ։ Սուրբ տարին վերջ պիտի գտնէ 18 յունուար 2015-ին։ Անոր հանդիսաւոր բացումը կը կատարէ ''Մի Թո'' թեմի արքեպիսկոպոս` Գերապայծառ Փոլ Պույ Վան Տոք, գլխաւորելով Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Սուրբ Տարուայ ընթացքին, Յիսուսեան միաբանութեան կրօնաւորները, ունին որպէս նպատակակէտ՝ Վիեթնամի մէջ վերանորոգել Յիսուսեան միաբանութեան կրօնաւորներուն միսիոնորական հոգին, ինչպէս նաեւ, վիեթնամի քրիստոնեաներուն ծանօթացնել Միսիոնարներու պատմութիւնը ու անոնց երկրի բարգաւաճումին ի սպաս տուած սատարը







All the contents on this site are copyrighted ©.