2014-01-18 09:28:55

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Յովհ 3, 13-21


RealAudioMP3 13 Ո՛չ մէկը երկինք բարձրացաւ, բացի անկէ` որ երկինքէն իջաւ, մարդու Որդին` որ երկինքն է:
14 Եւ ինչպէս Մովսէս բարձրացուց օձը անապատին մէջ, այնպէս պէտք է որ բարձրանայ մարդու Որդին.
15 որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր` չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը:
16 Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ [մինչեւ անգամ] տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր` չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը:
17 Քանի որ Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին` ո՛չ թէ աշխարհը *դատապարտելու, հապա` որպէսզի աշխարհը փրկուի անով:
18 Ա՛ն որ կը հաւատայ անոր` չի *դատապարտուիր, իսկ ա՛ն որ չի հաւատար` անիկա արդէն դատապարտուած է, որովհետեւ չհաւատաց Աստուծոյ միածին Որդիին անունին:
19 Սա՛ է *դատապարտութիւնը, որ լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ սիրեցին խաւարը` փոխանակ լոյսին, քանի որ իրենց գործերը չար էին:
20 Որովհետեւ ո՛վ որ չարիք կը գործէ, անիկա կ'ատէ լոյսը եւ չի գար լոյսին քով, որպէսզի չկշտամբուին իր գործերը:
21 Բայց ա՛ն որ կը կիրարկէ ճշմարտութիւնը` կու գայ լոյսին քով, որպէսզի իր գործերը յայտնաբերուին թէ գործուեցան Աստուծմով”:







All the contents on this site are copyrighted ©.