2014-01-18 10:55:31

Լեհերը Օշուիցի ճամբարին համար փոխհատուցում կը պահանջեն


«Եուրօմակ» կը հաղորդէ, որ նացիներուն կողմէ Օշուիցի մէջ համակեդրոնացման ճամբարի կառուցման պատճառով իրենց կալուածները կորսնցուցած լեհերը փոխհատուցում կը պահանջեն:
Շուրջ 300 ընտանիքներ, որոնք նախապէս իրենց կորսնցուցած տուներուն եւ հողատարածքներուն համար Գերմանիոյ իշխանութիւններէն փոխհատուցում չեն պահանջած, այժմ դիմած են լեհական կառավարութեան` պահանջելով, որ իւրաքանչիւր ընտանիքի 13 հազար տոլար վճարէ:
Կառավարութեան դիմածներուն մեծ մասը տարեցներ են, որոնք կը նշեն, որ իրենք դեղեր գնելու համար բաւարար միջոցներ չունին:







All the contents on this site are copyrighted ©.