2014-01-17 11:40:48

Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետի յունուար - փետրուար ամիսներու գլխաւորած` արարողութիւններու յայտագիրը


Յունուար – փետրուար ամիսերու ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Հռոմի ժողովրդապետութիւններ ու ապա պիտի նախագահէ կարտինալական ժողովներուն։

Արդարեւ յառաջիկայ կիրակի, 19 յունուար 2014 ի, յետմիջօրէի ժամը 4,00 ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն մը կը կատարէ Հռոմի ''Սիրտ Յիսուս'' կոչուած ժողովրդապետութեան ուր հանդիպում կ՛ունենայ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն, աղքատ ընտանիքներուն եւ հիւրնկալուած գաղթականներուն հետ։

Շաբաթ, 25 յունուարին, Սուրբ Պօղոս առաքելապետի դարձի տօնակատարութեան առթիւ, յետմիջօրէի ժամը 5,30 ին, Հռոմի Սուրբ Պօղոս տաճառին մէջ, Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամերգութիւնը։

Կիրակի, 2 փետրուարի առաւօտեան, ժամը 10,00 ին, Տեառնընթառաջի տօնի առթիւ , Ֆրանչիսկոս Պապը` Սուրբ Պետրոս տաճառին մէջ կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն` ''նուիրգործուած անձերու'' հաստատութիւններու անդամները։

Կիրակի, 16 փետրուար, յետմիջօրէին ժամը 4,00 ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Սուրբ Թովմաս առաքեալի ժողովրդապետութիւն.

Իսկ շաբաթ 22 փետրուարին, Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի տօնին օրը, առաւօտեան ժամը 11,00 ին, Սուրբ Պետորոսի մէջ տեղի կ՛ունենայ Կարտինալական աստիճանի տուչութեան արարողութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապի նախագահութեամբ։

Մինչ Կիրակի, 23 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10,00 ին, Սուրբ Պետրոսի Տաճառին մէջ՝ նախատեսուած է համապատարագ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ նոր նշանակուած կարտինալներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.