2014-01-17 12:46:05

''Քրիստոնեան չի թողուր Աստուծոյ Խօսքը աւելի ''նորոյթ'' գաղափարներու հետեւելու համար'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր 17 յունուարին արտասանած քարոզին մէջ։


Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու շնորհքը կարելի չէ ''վաճառել'', սխալ ըմբռնումի պատճառաւ, որ մեզ կը մղէ մոռնալու Աստուծոյ Խօսքը եւ ապրելու այնպէս թէ Ան գոյութիւն չ՛ունենար։ Այս տողերուն մէջ ամփոփուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի` ուրբաթ 17 յունուարի, առաւօտեան պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզը։
Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''Քրիստոնայի բնականոն կեանքը անորմէ կը պահանջէ ըլլալ հաւատարիմ իր ընտրանքին, ու զայն ''չվաճառել'' աշխարհիկ միասնականութեան ձգտելու համար։ Այս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, եղած է յաճախ Աստուծոյ ժողովուրդի փորձութիւնը։ Շատ անգամ կը մոռնանք Աստուծոյ Խօսքը ու կը հրապուրուինք ''նորոյթ'' խօսքերով։ ''Ուրացումը` Աստուծոյ հետ կապի խզման մեղքն է'', նկատել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը, աւելցնելով` ''թէեւ շիտակ է որ քրիստոնեան ''բնական'' ըլլալու է, սակայն կան արժէքներ որոնցմէ քրիստոնեան չի կրնար հրաժարիլ։
Հայցենք ուրեմն Աստուծմէ որ մեզի պարգեւէ շնորհքը` յաղթահարելու համար մեր եսասիրութիւններն ու անձնական կամքի ձգտումները. Ու խնդրենք հոգեւոր հնազանդութեան շնորհքը` որ կը կայանայ Աստուծոյ Խօսքին առջեւ մեր սրտին դռները բանալու մէջ ։ ''Տէրը մեզի թող պարգեւէ շնորհքը ունենալու բաց սիրտ մը, ընկալելու համար Աստուծոյ Խօսքը եւ խորհրդածելու անոր վրայ ու հետեւելու իսկական ճանապարհին'' եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.