2014-01-16 14:27:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հինգշաբթի 16 յունուարի քարոզը:


''Եկեղեցւոյ մէջ գայթակղութիւնները յառաջ կու գան, որովհետեւ չկայ կենդանի յարաբերութիւն Աստուծոյ եւ Անոր խօսքին հետ։ Այսպէս, կաշառուած քահանաներ, փոխանակ կեանքի հացը տալու, Աստուծոյ ժողովուրդը կը կերակրեն թունաւորուած ճաշերով''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հինգշաբթի, 16 յունուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած՝ օրուայ քարոզին մէջ։
Ան մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումները ուր կը ներկայացուի Իսրայէլի ժողովուրդի՝ Պաղեստինցիներու դիմաց նահանջը. Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տուաւ, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը այդ ժամանկներուն լքած էր Տէրը, եւ թէ ''Աստուծոյ խօսքը'' անոնց մէջ՝ հազուաթիւ էր։ Սրբազան Հայրը ապա իր խօսքը կեդրոնացնելով Քահանաներու կենցաղի վրայ, հարց տուաւ թէ ''ի՞նչպիսի յարաբերութիւն կայ մեր ու Աստուծոյ եւ Անոր խօսքին միջեւ'', եւ եթէ ''այդ յարաբերութիւնը մակերեսային է''։
Ան ապա անդրադարցաւ ներկայ եկեղեցւոյ գայթակղութիւններուն ու հարց տուաւ ''ամօթ կը զգա՞նք այդ կայթակղութիւններու դիմաց. Քահանաներուն, եպիսկոպոսներուն որոնք գայթակղութեան պատճառ եղան... Անոնք Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն չ՛ունէին, այլ պարզապէս դիրք մը ունէին Եկեղեցւոյ մէջ, իշխանութեան դիրք մը....եւ ոչ Աստուծոյ Խօսքը'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը եզրափակեց՝ մտաբերելով Աստուծոյ Ժողովուրդը որուն ''կաշառուած քահանաները, փոխանակ՝ Աստուծոյ Ժողովուրդին կեանքի հաց տալու, զայն կը կերակրեն թունաւորուած ճաշերով''։Այս թող ըլլայ մեր աղօթքը` յարեց ապա Սրբազան Հայրը` ''Հայցենք Տիրոջմէ որ երբե'ք չմոռնանք Անոր կենդանի Խօսքը, որպէզի թափանցէ մեր սրտերուն մէջ ու չմոռնանք Աստուծոյ հաւատարիմ սուրբ ժողովուրդը որ մեզմէ կը խնդրէ կենսունակ սնունդ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.