2014-01-16 10:25:34

Սուրբ Անտոն Անապատականի տօնին առթիւ, անասնաբոյծերու օր Վատիկանի մէջ։


Ուրբաթ, 17 յունուարին, սուրբ Անտոն Անապատականի յիշատակի օրը, տեղի կ'ունենայ աւանդական՝ անասնաբոյծերու օրը, կազմակերպութեամբ ''Իտալական անասնաբոյծերու ընկերակցութեան''։
Այս օրուայ առթիւ, առաւօտեան ժամը 10,30 ին, Կարտինալ Անճէլօ Քոմասթրի` Վատիկան Քաղաքի Քահանայապետի ընդհանուր տեղապահը, անմահ սուրբ պատարագ կը մատուցանէ սուրբ Պետրոս տաճառին մէջ։ Յետ արարողութեան, ժամը 12,30 ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի կ'ունենայ ''մարդոց եւ անասուններու հանդիսաւոր օրհնութիւն''։
Նշենք , թէ այս գեղեցիկ եւ տպաւորիչ օրուայ առթիւ, ուրբաթ, առաւօտեան ժամը
9 էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3-ը, Հռոմի Պիոս ԺԲ կոչուող հրապարակին վրայ, պիտի ցուցադրուի ''ազգային անասնաբոյծութեան'' նմանօրինակը մը ներկայացնելով ''բացօթեայ ագարակ մը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.