2014-01-16 09:36:57

Թուրք լրագրողներ պիտի յարգեն Հրանդ Տինքի յիշատակը


ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ լրագրողներու միութիւնը Երկուշաբթի, Յունուար 20ին պիտի ոգեկոչէ «Ակօս» շաբաթաթերթի սպաննուած խմբագրապետ Հրանդ Տինքի յիշատակը, կը տեղեկացնէ թրքական «Սթար» թերթը:
Յիշատակի այս արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Մասնագիտութեան մէջ հետք ձգածները» խորագիրով համաժողովին ծիրէն ներս:
Միջոցառման հրաւիրուած են «Ակօս»ի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ, թերթի սիւնակագիրներէն Կարին Քարաքաշ եւ «T24» կայքի սիւնակագիր Այտըն Էնկին:
Տինք ծնած է 1954ի Սեպտեմբեր 15ին, Մալաթիա: Կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ մէջ եւ լրագրութեան ասպարէզ նետուած է 1990ականներուն: Ապա հիմնած է թրքերէնով եւ հայերէնով լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթը: Իր համարձակ յօդուածներուն պատճառով ան յաճախ ձերբակալուած է եւ անոր դէմ բազմաթիւ դատեր բացուած են: Սպաննուած է 2007ի Յունուար 19ին, «Ակօս»ի խմբագրատան դիմաց:








All the contents on this site are copyrighted ©.