2014-01-15 11:31:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը. ''Սուրբ Խորհուրդները` Մկրտութիւնը''


Չորեքշաբթի, 15 յունուար, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն, որուն ընթացքին շարունակեց, անցեալ չորեքշաբթի օր սկսած, Մկրտութեան Սուրբ Խորհուրդի մասին խորհրդածութիւնը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր – ըսաւ Քահանայապետը – Սուրբ Մկրտութեամբ մենք կը դառնանք Քրիստոսի մարմնին անդմաներ ու մաս կը կազմենք պատմութեան մէջ ուղեւոր Աստուծոյ Ժողովուրդին։
Սերունդէ սերունդ Սուրբ Մկրտութեան շնորհքը փոխանցուած է. Նման գետի մը որ հողը կ՛ որոգէ եւ աշխարհի վրայ կը տարածէ Աստուծոյ Օրհնութիւնը։
Աստուծոյ ժողովուրդը կազմուած է միսիոնարական աշակերտներէ. Ամէնքս Եկեղեցւոյ մէջ աշակերտներ ենք, ամէնքս միսիոնարներ ենք, իւրաքնաչիւրը կը գրաւէ Աստուծոյ անոր սահմանած տեղը։
Աւետարանութիւնը կոչ մըն է հաղորդութեան, հաղորդութիւն մը որ այժմէն կ՛ապրինք Աստուծոյ հետ, Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ, Մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ։
Հաւատացեալներու հասարակութիւն մըն ենք ուր ամէն մէկը, հակառակ իր տկարութիւններուն, շնորհքի ''միջանցք'' մըն է ուրիշներուն համար։ ''Հասարակական չափանիշը Քրիստոնէական կեանքի եւ աւետարանութեան լրացուցիչ մասնիկ մըն է'', ըսաւ Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց մատնանշելով Ճաբոնի քրիստոնեայ հասարակութեան օրինակին, ուր հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու հալածանքներուն, քրիստոնեաները իրենց Մկրտութեան խորհուրդի շնորհքով կարողացան ապրիլ, որպէս հասարակութիւն, հաստատ մնալով իրենց հաւատքին մէջ, որովհետեւ մէկ էին Քրիստոսի մարմնին մէջ ու մաս կը կազմէին ընդհանրական Եկեղեցւոյ։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, վերակոչելով անցեալ կիրակի, 12 յունուարին, Տիրոջ Սուրբ Մկրտութեան տօնը որ – ըսաւ Քահանայապետը – պատեհ առիթ մըն է վերյիշելու Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ հաւատքի մեր պատկանելիութիւնը։
Սիրելի երիտասարդներ – յարեց ապա Սրբազան Հայրը – ամէն օր վերագտէք սուրբ խորհուրդէն յառաջ եկած շնորհքը։ Դուք սիրելի հիւանդներ, Մկրտութեան խորհրուդին մէջ գտէք ուժը` դիմագրաւելու համար վիշտն ու ցաւերը եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ, ձեր ընտանեկան կեանքի ուղեւորութեան մէջ գիտցէք ''թարգման'' ըլլալ սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի ձեր յանձանռումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.