2014-01-15 09:35:55

Տնտեսական ազատութեան ցանկին մէջ Հայաստան 18-րդն Է Եւրոպական 43 երկիրներու մէջ


«Տը Հերիթէյճ Ֆաունտէյշըն» ֆոնտը եւ «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» ամսագիրը հրապարակած են «Տնտեսական ազատութեան ցանկ-2014» զեկոյցը, որուն մէջ Հայաստան կը գրաւէ 41-րդ դիրքը 178 երկիրներու մէջ եւ 18-րդ դիրքը՝ 43 եւրոպական երկիրներու շարքին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
Ցանկի կազմութեան 20-ամեայ պատմութեան ընթացքին Հայաստան 267 միաւորով բարելաւած է իր տնտեսական ազատութեան գնահատականը: Անիկա բարելաւումներ արձանագրած է տասը «ազատութիւններէն» ութին մէջ, որոնց կարգին՝ դրամավարկային ազատութիւնը, ելեւմուտքի կառավարման ազատութիւնը, առեւտուրի ազատութիւնն ու ֆինանսական ազատութիւնը:
Հայաստանի 2014-ի ցուցանիշը եղած է 68.9 միաւոր՝ վերջին տարուան ընթացքին նուազելով 0.5 կէտով, որ զեկոյցի հեղինակները կը բացատրեն «ներդրումներու, գործարարութեան եւ հարկային ոլորտի որոշակի վատթարացմամբ»: Ցանկին համաձայն՝ վերջին տասնամեակին Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է տնտեսութեան բազմազանութեան եւ աղքատութեան նուազեցման առումով: Հայաստանի տնտեսութիւնը գնահատուած է «չափաւոր ազատ»:
Հայաստանի մէջ տարեկան միջին եկամուտը 5838 տոլար է, գնաճը՝ 2.5 տոկոս: Այնուամենայնիւ, զեկոյցի հեղինակները փաստած են, որ Հայաստանը պիտի հանդիպի մեծ դժուարութիւններու՝ տնտեսութեան հետագայ ամրապնդման ճամբուն վրայ: «Գոյքային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ փտածութենէն պաշտպանուածութեան բաղադրիչը բաւական ցած է համաշխարհային չափանիշներէն, եւ իրաւական դաշտը տակաւին տկար է»,- նշուած է զեկոյցին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.