2014-01-15 10:36:04

Սուրիական բանակը կը գրաւէ Հալէպի Ճարապլուս շրջանը


ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Սուրիական բանակը Երեքշաբթի, Յունուար 14ին շարունակած է նոր դիրքեր գրաւել Հալէպի մէջ՝ հեռացնելով «Քայիտա»ի մէկ մասնաճիւղը հանդիսացող «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» խմբաւորման զինեալները: Բանակը Երեքշաբթի օր իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած է Հալէպի Ճարապլուս շրջանը:
Կը հաղորդուի, որ վերջին քանի մը օրերուն, հարիւրաւոր զինեալներ սպաննուած են այս բախումներուն ընթացքին:
Միւս կողմէ, իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Լաթաքիոյ մօտերը գտնուող Քում գիւղին մէջ սուրիական բանակը սպաննած է առնուազն 19 զինեալներ, որոնց մէջ եղած են թուրքեր, քաթարցիներ, սէուտցիներ ու լիպիացիներ: Նոյն աղբիւրին համաձայն՝ Երեքշաբթի օր Իրաքի իշխանութիւնները ձերբակալած են Սուրիայէն Իրաք փախուստ տուած «Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն» խմբաւորման ղեկավարներէն Մահետ Ճարշին, որ յորդանանցի մըն է:
Քաղաքական գետնի վրայ, սուրիական ընդդիմութեան աղբիւրները կը յայտնեն, թէ իրենց վրայ ճնշում կը բանեցուի Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, որպէսզի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցին: Ընդդիմութիւնը որոշած է Յունուար 22ին նախատեսուած ժողովի մասնակցութեան մասին վերջնական որոշում մը հրապարակել Յունուար 17ին:
Նաեւ, Երեքշաբթի օր «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են Ռուսիոյ մօտ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատատի ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի միջեւ:







All the contents on this site are copyrighted ©.