''Հրեայ - Կաթողիկէ երկխօսութիւնը ''Նոսդրա Աէդադէ'' դաշնագիրէն 50 տարի ետք''` Ռաբունապետ
Աբրահամ Սքորքայի դասախօսութիւնը
Հինգշաբթի, 16 յունուարի, երեկոյեան ժամը 6,00 ին, Հռոմի Քահանայապետական Կրէկորիանա
համալսարանի դահլիճին մէջ, տեղի կ'ունենայ, Աբրահամ Սքորքա ռաբունապետի դասախօսութիւնը՝
''Հրեայ - Կաթողիկէ երկխօսութիւնը ''Նոսդրա Աէդադէ'' դաշնագիրէն 50 տարի ետք''խորագիրով։ Դասախօսութեան
երեկոն կը նախագահէ Կարտինալ Քիւրտ Քոխը` Հրեաներու հետ կրօնական կապերու Քահանայապետական
յանձնախումբի նախագահ։ Աբրահամ Սքորքա ռաբունապետը տեսուչն է Պուէնոս Այրէսի Ռաբունապետաց
դպրեվանքին եւ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի հետ միասնաբար, հեղինակն է ''Երկինք եւ
Երկիր'' գիրքին որ արդիւնքն է հոգեւոր զրոյցներու՝ կեանքի հիմնական հարցերու շուրջ։ Յաւարտ
դասախօսութեան, նախատեսուած է մամուլին հետ հանդիպում զոր կը վարէ ''Կարտինալ Պէա''անուն
հրէականւ ուսմունքի կեդրոնի տնօրէն` Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, հայր Ֆիլիփ Ռէնչէս-ի։