2014-01-15 09:00:18

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 «Խաբողն ալ կրնայ խաբուիլ…»
Մարդ խաբելու երեւոյթը ոմանք գործի ասպարէզին մէջ կիրարկելի կը գտնեն, ու միաժամանակ«արդարանալի» կը նկատեն: Այսպէս, իր ծախու դրած ապրանքը գովաբանելն ու անոր չունեցած առաւելութիւնները ներկայացնելու երեւոյթը վաճառականին մօտ, յաճախորդը «համոզել» կը համարեն վերոյիշեալ մարդիկ, եւ ըստ իրենց ատիկա դրական է, ու ընդունելի: Մինչդեռ ըսուածներուն կէսը կրնայ ճշմարտութեան չհամապատասխանել իրականութեան մէջ:
Ամէն մարդ չի խաբուիր... Կան նաեւ այնպիսի յաճախորդներ , որոնք գիտակցաբար կը խաբուին, միայն որոշ չափով զգացնելով դիմացինին, թէ կը հասկնան խաղը: Այս պարագային, խաբողը եթէ նուազագոյն չափով զգայնութիւն ունի, այնքան փոքր պիտի զգայ ինքզինք, որ նոյնիսկ եթէ հնարաւորութիւն տրուի իրեն, պիտի ուզէ յետս կոչել իր կատարած առաջարկութիւնը: Սակայն, ուշ պիտի ըլլայ արդէն, որովհետեւ առաջին դերակատարը ի՛նք ըլլալով, արդէն «ընելիքը ըրած կ՛ըլլայ», ինչպէս կ՛ըսուի ժողովրդային լեզուով: Խաբելու երեւոյթը սակայն, գործէն ներս թէ դուրս, տունէն ներս թէ փողոցին մէջ, արդարանալի պատճառ չունի: Ներկայ մանկավարժութիւնը նոյնիսկ մանուկները խաբել չ՛արտօներ, ճշմարտութեան հանդէպ անոնց միտքին յստակութիւնը ապագային չվտանգելու հեռանկարով: Խաբելու երեւոյթին ընդհանրացումը, առհասարակ կ՛առնչուի ընկերային ու տնտեսական դժուարին կացութիւններու: Փտածութիւնը կամ կաշառակերութիւնը պետութիւններու եւ հաւաքականութեանց շուրջ անվստահութեան ու կեղծիքի վարագոյրը կ՛իջեցնէ, որուն ետին տեղի ունեցող գործառնութիւնները ընդհանրապէս վատառողջ խմորումներ կը յառաջացնեն, վտանգելով ընդհանուրին խաղաղ կեանքը:
Խաբողներուն ենթադրեալ ճարպիկութիւնը, սակայն, կարճատեւ ճամբայ ունի կտրելիք: Ասիկա կը նմանի հեռատեսիլի վրայ ծանուցուած նոր առարկային, զոր ունենալէ ետք կը տեսնեն մարդիկ, թէ իրենց ակնկալածը չէ ատիկա, կամ այն առաւելութիւնները զորս կը բացատրէին ակնդիրին, մասամբ միայն ճշմարտութեան կը համապատասխանեն:
Խաբուելո՛ւ պատրաստակամութիւն ունեցող անձեր ալ կան ընկերութեան կեանքին մէջ, որոնք խաբողները փորձողներու դասակարգը կը կազմեն: Այս խմբակը յատուկ կոչումով ներկայացնելու համար, կարելի է զանոնք անուանել «անսպասելիներ»: Որովհետեւ չենք կրնար գիտնալ թէ ե՞րբ, ո՞ւր, կամ ինչպէ՞ս կրնան վրայ հասնիլ ու ծուղակի մէջ բռնել խաբողները: Ասոնք կարելի է նմանցնել այն կատուներուն, որոնք մուկը բաւական ժամանակ հալածելէ ետք կը հասնին անոր մտած ծակին բերանը, սակայն ո՛չ թէ հոտառութեամբ հետեւելով անոնց, այլ՝ ուղղակի մկնիկներուն պոչը տեսնելով այն ծակէն դուրս, ուր մտած ու ապաստան գտած ըլլալ կը կարծեն անոնք:
Խաբողին «շնորհք»ը ժամանակաւոր հերոսութեան համազօր է, որուն թուրին շեղփը շուտով կը բթանայ, եւ ի տարբերութիւն այլ պողպատեայ թուրերէ, բնա՛ւ կարելի չըլլար վերստին սրել զանիկա:
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)








All the contents on this site are copyrighted ©.