2014-01-15 10:35:14

ԱՄՆի պետական քարտուղարի այցելութիւնը Վատիկան խորհրդակցելու Սուրիոյ հարցին մասին։


ԱՄՆի պետական քարտուղար` Ճոն Քեռի երեքշաբթի օրը հանդիպում ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար գերապայծառ Փարոլինին հետ։ Բանակցութեան գլխաւոր նիւթն էր Միջին Արեւելքը եւ մասնաւորապէս Սուրիան, մինչ միջազգային հասարակութիւնը կը պատրաստուի յառաջիկայ 22 յունուարին կայանալիք ''Ժընեւ 2'' խորհրդաժողովին ։
ԱՄՆի գնահատումով Վատիկան մեծ դեր կը կատարէ խաղաղութիւնը հաստատելու աշխարհի մէջ եւ ներկայ Քահանայապետը ազդեցիկ ու կարեւոր ներկայութիւն մըն է Աշխարհին համար։
Հանդիպման մասին արտայայտուելով, Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնեց թէ, Քեռի եւ գերապայծառ Փարոլինը հանդիպումի ընթացքին խորհրդակցեցան Միջին Արեւելքի խաղաղութեան եւ շրջանի մարդկային ողորմելի կացութեան մասին։ Ինչպէս նաեւ Իսրայել – Պաղեստին բանակցութիւններու մասին։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վատիկանի արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթի։
ԱՄՆի պետական քարտուղար Ճոն Քեռիի Վատիկան ներկայութիւնը կը զուգադիպի ԱՄՆի եւ Վատիկանի դիւանագիտական կապերու 30-րդ տարեդարձին հետ։ Այս առթիւ Սուրբ Աթոռի դիւանագէտները իրենց մտահոգութիւն յայտնեցին ԱՄՆի քաղաքականութեան հայող` առողջապահական կարգի վերաքննարկումին եւ կրօնի ազատութեան ինչպէս նաեւ ԱՄՆի նախագահի աղքատութիւնը վերացնելու ծրագիրի մասին։ Երկկողմանի հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ափրիկեան ցամաքամասը յուզող որոշ հարցերու մասին։
Յայտնենք որ նախապէս, Ճոն Քեռի, Փարիզին մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ ''Ժընեւ 2 '' կլոր սեղանին մասնակցող գլխաւոր դերակատարներու հետ ու յատուկ կերպով Դաշնակցային Ռուսիոյ արտգործ նախարար Սերկէյ Լավրովին հետ եւ ՄԱԿի ու Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Լախտար Իպրահիմիին հետ։
Գերապայծառ Փարոլինին հետ ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս ետք Քեռի կ'ուղղի Քուէյթ` մասնակցելու Սուրիոյ նուիրատուներու միջազգային Բ ժողովին, որ սկիզբ կ'առնէ 15 յունուարին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.