2014-01-14 13:12:09

Վատիկանի, Սուրիոյ մասին կլոր սեղանի հաղորդագրութիւնը։


Երկուշաբթի 13 յունուարին, Վատիկանի մէջ կայացած, ''Միթէ՞ կարելի է անտարբեր մնալ'' բնաբանով դռնփակ ժողովի աւարտին, երեքշաբթի, 14 յունուարի առաւօտեան, հրատարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կ՛ակնարկուի ''Ժընեւ 2'' համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 22 յունուարին, եւ որուն նպատակէտն է ''վերջ դնել Սուրիոյ մէջ պատահած բռնութիւններուն, որոնք մինչեւ օրըս պատճառած են աւելի քան 130,000 զոհ եւ երկիրը աւերակ վիճակի մէջ թողած։
''Սուրիոյ մէջ բռնութիւններու եւ մահուան սարսափը աշխարհը մղեց խորհրդածութեան եւ խաղաղութեան՝ ձգտելու նոր կարելիութեան։ Համերաշխութեամբ եւ յոյսով, աշխատինք ուրեմն, կերտելու համար ՝ հաշտութեան եւ վերանորոգումի հնարաւոր ուղի մը'' կը գրեն ժողովականները հրատարակուած հաղոդագրութեան մէջ։
''Առաջին եւ կարեւորագոյն քայլը, պէտք է ըլլայ անմիջական հռադադար եւ վերջ դնել բռնութիւններուն՝ առանց որեւէ նախապայմանի։ Երկրին մէջ բոլոր հակամարտողները, պէտք են անմիջապէս վար առնեն իրենց զէնքերը, եւ օտար բոլոր ուժերը, պէտք են առաջքը առնեն՝ կասեցնելու զէնքերու վաճառականութիւնը եւ անոնց ֆինանսաւորումը'' նշուած է հաղորդագրութաեն մէջ եւ ընդգծուած, թէ ''այս վերջինը հաշտութեան՝ առաջին քայլը կը ներկայացնէ '' ։
Հակամարտութիւններու կասեցումին, պէտք է անմիջականօրէն ընկերակցի մարդասիրական օգնութիւներն ու վերաշինութեան գործերը։ Միլիոնաւոր Սուրիացիներ, գաղթած են դրացի երկիրներ ուր՝ ժամանակաւոր կերպով կ՛ապրին դաշտերու մէջ եւ վրաններու տակ – կը նշէ միշտ հաղորդագրութիւնը։
Հասարակութիւններու միջեւ երկխօսութիւնն ու հաշտութիւնը պէտք են սատարել հոգեկան եւ հասարակական կառոցյներու վերաշինութեան։ Շրջանին մէջ, խաղաղութեան հիմը կառուցելու համար, Geneve2, պէտք է երաշխաւորէ հակամարտութեան բոլոր կողմերու մասնակցութիւնը՝, ներառեալ՝անոնք որ կը գործեն նաեւ Սուրիայէն դուրս։
Հաղորդագրութիւնը կ՛եզրափակուի մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի անցեալ սեպտեմբեր ամսուայ Սուրիոյ ի նպաստ աղօթքի երեկոյեան ընթացքին արտասանած խօսքերը` ''Դարձեալ կը հայցեմ Տիրոջմէ , որ մենք քրիստոնեաներս, այլ կրօններու մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ, ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող ամէն այր ու կնոջ հետ միասին, ուժգին աղաղակենք ''Բռնութիւնն ու պատերազմը, երբեք, խաղաղութեան ճանապարհ մը չեն....նայիր եղբօրդ ցաւին եւ ուրիշ ցաւ մի աւելցներ անոր, կառուցէ կործանուած ներդաշնակութիւնը, որ հակամարտութիւն չի յառաջացներ այլ՝ հանդիպում։ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.