2014-01-14 12:59:10

Այժմ Իրանի Նկատմամբ Նոր Պատժամիջոցներ Կիրառելու Ժամանակը Չէ. Օպամա


“Այժմ Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելու ժամանակը չէ”,- յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա: Այս մասին կը յայտնէ իրանական կայքը։
Օպամա Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի հետ ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, անդրադառնալով Իրանի նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ կիրառելու ամերիկացի ծերակուտականի նախաձեռնութեան, մասնաւորապէս նշած է. “կը նախընտրեմ խաղաղութիւնն ու դիւանագիտութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով Քոնկրէսին յղած իմ ուղերձիս մէջ նշեցի, որ այժմ Իրանի նկատմամբ նոր պատժամիջոցներ կիրառելու ժամանակը չէ”:







All the contents on this site are copyrighted ©.