2014-01-13 14:54:05

''Տէրը, կը պատրաստէ մեր ճանապարհը, մեր հետ կը քալէ եւ միշտ մեր հետն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը՝ 13 յունուարի իր քարոզին մէջ։


Երկուշաբթի, 13 յունուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. Աստուծոյ Սէրը կը սրբագրէ մեր սխալները, մեր մեղքի պատմութիւնը, որովհետեւ Ան երբեք չի թողուր մեզ, նոյնիսկ եթէ մենք՝ չենք հասկնար Անոր Սէրը։
Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը որ կը ներկայացնէ Յիսուսի հրաւէրը՝ Սուրբ Պետրոսին, Անդրէասին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին՝ հետեւելու Իրեն, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց, թէ ''Տէրը կ'ուզէ պատրաստել իր աշակերնտերը՝ նոր առաքելութեան մը։ Ան կր պատրաստէ մեր ճանապարհը, մեր կեանքը , ի ժամանակէ''։ Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուց` ''Տէրը, զանոնք ընտրելէ ետք, անոնք սխալեցան. Սուրբ Պետրոս դաւաճանեց Տէրը, երկիւղի մէջ ապրեցան ու լքեցին Յիսուսը։ Սակայն, Տէրը շարունակեց պատրաստել զանոնք։ Յարութենէն ետք, Տէրը շարունակեց երեւնալ աշակերտներուն , մինչեւ Պենտեկոստէի օրը''։
Երբ որ մեր իրավիճակը կը վատթառանայ, Տէրը կը միջամտէ մեր պատմութեան մէջ եւ կացութիւնը կը փրկէ՝ մեր առջեւէն քալելով։
Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը, ապա մատնանշեց, թէ ''մեր բանականութիւնը կը հարցադրէ` ի՞նչպէս Մեր Տէրը, բազմաթիւ մարդոց ընդմէջէն, ինծի կը մտածէ''։ Տէրը այսպէս կը գործէ` Ան կը յարթէ ճամբան՝ ինծի համար։ Այս է իր սիրոյ արտայայտութիւնը։
Տէրը, շատոնց կը պատրաստէ մեր ճանապարհը, մեր հետ կը քալէ եւ միշտ մեր հետն է։ Խնդրենք Անորմէ շնորհքը՝ սիրտով հասկնալու այս վեհանձն Սէրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.