2014-01-13 09:38:59

Սուրիոյ մէջ լուծումը քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի մը ճամբով է
ըսած է Ֆապիւս


Կիրակի, 12 յունուար,Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովը` մասնակցութեամբ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինին, որ 22 յունուարին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան հարցով պառակտուած է: Մարմինը մասնակցութեան վերաբերեալ իր վերջնական որոշումը պիտի տայ 17 յունուարին:
Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ժողովին կը մասնակցէին 11 երկիրներու` Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս ժողովէն ետք Ազգային համաձայնական մարմինին նկատմամբ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց` յոյս յայտնելով, որ «Ժընեւ-2»-ը ճշդուած ժամանակին տեղի ունենայ: «Մենք կ՛ուզենք, որ «Ժընեւ-2»-ը Սուրիոյ մէջ ամբողջական լիազօրութիւններու տէր փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան առաջնորդէ», ըսաւ ան:
Ֆապիւս ընդգծեց, որ «մենք համոզուած ենք, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը քաղաքական փոխանցման հոլովոյթի մը ճամբով է, որ վերջ կը դնէ ներկայ բռնատիրական վարչակարգին»: Ան դատապարտեց «սուրիական վարչակարգին իր ժողովուրդին դէմ գործած ահաւոր արարքներ»-ը` նշելով, որ «այս վարչակարգը ինքն է, որ ահաբեկչութիւնը կը սնանէ, եւ եթէ կ՛ուզենք, որ ահաբեկչութիւնը վերջ գտնէ, պէտք է այս վարչակարգը վերջ գտնէ»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ շեշտեց, որ «քաղաքական փոխզիջումի մը գոյացումը միակն է որ վերջ կու տայ սուրիացիներու ապրած մեծ տառապանքին»:
Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ բարեկամներու գլխաւոր խմբակին քննարկումներն են, որոնք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի բանակցութեանց ճամբան պիտի հարթեն»:
Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա իր կարգին ժողովի աւարտէն ետք ըսաւ, որ ժողովի ընթացքին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին նկատմամբ կեցուածքները ներկայացուած են` աւելցնելով, որ «գոյացած համաձայնութեան ամէնէն կարեւոր կէտը այն էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատն ու անոր ընտանիքը Սուրիոյ ապագային մէջ տեղ չունին, իսկ իշխանութեան փոխանցման հոլովոյթին առնչութեամբ բոլոր պետութիւններուն միջեւ միաձայնութիւն կը տիրէ»:
Ան նշեց, որ «մուտք գործեցինք վճռումի հանգրուան, որուն կարեւորութեան կ՛անդրադառնայ (Ազգային համաձայնական) մարմինը»:
«Սուրիա շրջանին պատկերը պիտի փոխէ եւ գերութենէն դէպի ազատութիւն պիտի անցնի», ըսաւ Ժարպա:
Զինուորական գետնի վրայ` Սուրիական մարդկային իրաւանց հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ բախումներուն սկիզբէն ի վեր 700 զոհ արձանագրուած է: «Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ տիրած է Ռաքքա քաղաքին մէջ Սուրիական ազատ բանակին վերջին դիրքը եղող Ռմէյլէ թաղամասին:







All the contents on this site are copyrighted ©.